ՀԱՄԱ-ՀՄԸՄ-Ական 10-րդ Բանակումի Պաշտօնական Բացում

Համա-ՀՄԸՄ-ական 10-րդ բանակումը արդէն իսկ ընթացք առած է Բիւրականի մէջ, Հայաստան, մասնակցութեամբ աւելի քան 750 սկաուտներու, որոնք Հայաստան ժամանած են 18 շրջաններէ:

Բանակումը սկսաւ հինգշաբթի, 31 յուլիս 2014-ին, դրօշակի պաշտօնական արարողութեամբ, որուն ընթացքին Բիւրականի ընդարձակուած եւ վերանորոգուած բանակավայրին մէջ կատարուեցաւ բացման ներքին հանդիսութիւն:

Ապա, ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամները բանակումի խմբապետական կազմին եւ շրջաններու գլխաւոր պատասխանատուներուն ընկերակցութեամբ ուղղուեցան Եռաբլուր, ուր ծաղկեպսակներ զետեղուեցան ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամ նահատակ Վարդան Բախշեանի, Վիգէն Զաքարեանի շիրիմներուն վրայ ու յարգանքի տուրք մատուցուեցաւ արցախեան պատերազմի նահատակներու յիշատակին:

Յետմիջօրէի ժամը 6:30-ին (Երեւանի ժամանակացոյցով) բանակումին մասնակիցները փառաւոր եւ տպաւորիչ տողանցքով Ազատութեան հրապարակէն ուղղուեցան Հանրապետութեան հրապարակ, ուր տեղի ունեցաւ պաշտօնական բացման հանդիսութիւն` ներկայութեամբ պետական եւ այլ պաշտօնական հիւրերու: Ապա բոլորը ուղղուեցան Ծիծեռնակաբերդ, ուր տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն` Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին:

«Ազդակ»

07-31_hmem1 07-31_hmem-006 07-31_hmem-016

Scroll Up