«17 Սիրոյ Պատկերներ»

Յունիս 15-ին, Փարիզի Համալսարանական Ոստայնի Հայ Ուսանողական Տան մէջ, բեմադրուած ընթերցանութեան եղանակով ներկայացուեցան Յակոբ Պարոնեանի եւ Ժիրայր Անանեանի թատերական երգիծական գրականութենէն խաղեր, «17 Սիրոյ պատկերներ» անուան տակ, ղեկավարութեամբ Արբի Յովհաննիսեանի, որ Փարիզի մէջ արդէն 1996-էն ի վեր տքնաջան լծուած է հայկական թատերական խաղացանկը վերընթերցելու, նորովի ներկայացնելու աշխատանքին։

Յակոբ Պարոնեան երգիծագիրը անծանօթ թատերագիր մը չէ։ Ո՞վ չի ճանչնար անոր «Պաղտասար Աղբար»ը, «Արեւելեան Ատամնաբոյժ»ը կամ «Մեծապատիւ Մուրացկանները»։ Երեւանի մէջ, խորհրդային շրջանէն մնացած, դեռ գոյութիւն ունի Պարոնեանի անուան երաժշտական թատրոնը։ Սակայն, այս բոլորով հանդերձ, անծանօթ կը մնայ Յակոբ Պարոնեան թատերագիրը իր փոքրիկ խաղիկներով՝ թատերական զուսպ տեսարաններ, սրամիտ արագ երկխօսութիւններ, որոնցմէ ներկայացուեցաւ չորս վերնագիր՝ «Պարահանդէսի վերաբերեալ» (1874), «Թէ ի՛նչպէս սիրահարութիւնը կը սկսի եւ ի՛նչպէս կը վերջանայ» (1873), «Էրիկ-կնկան սէրը» (1875), «Խօսակցութիւն մը» (1873)։ Այս խաղիկներէն ամէն մէկը փոքրիկ գոհար մըն է, 18-րդ դարու վերջաւորութեան պոլսահայ քաղքենի հասարակութեան դիմագիծը կը ներկայացնէ մարդկային իր բոլոր թերութիւններով՝ սիրային տեսարաններու ընդմէջէն։

Ժիրայր Անանեան նոյնպէս անծանօթ չէ, կարելի է ըսել՝ որ հայաստանեան բեմին ամենէն շատ ներկայացուած թատերագիրն է։ Սակայն, «Ալօ, ես եմ» (1996) խաղը անտիպ է, որ հեղինակին կողմէ անձամբ Հայ Թատրոնի Ընկերակցութեան յանձնուած է նախքան իր մահը։ Անկախացած Հայաստանի մէջ շրջանին գրուած է, սակայն տիպարներու հոգաբանութիւնը, թատերական դրութիւնը, գործողութեան մեկնակէտը տակաւին էապէս խորհրդային վարչակարգի գործելակերպին յարիր արտադրութիւն է։ Անծանօթ հեռախօսազանգ մը տակնուվրայ կ՚ընէ արտամուսնական յարաբերութիւններ ունեցող զոյգի մը առօրեան, որուն ընդմէջէն կը գծագրուի հայաստանեան ժամանակակից ընտանեկան ու ընկերային հասարակ յարաբերութիւններու պատկեր մը։

«17 Սիրոյ պատկերներ»ը Հայ Թատրոնի Ընկերակցութեան 99-րդ ներկայացումն էր Թատերական ընթերցումներու շարքին մէջ։ Հայերէնի գոյատեւման համար բոլոր պայքարողներուն, հայկական մշակութային կեանքի կենսունակութեան համար բոլոր մտահոգուող անձնանց, մշակութասէր հասարակութեան ուշադրութենէն վրիպած այս թատերական ծրագիրը իր պարզութեամբ, համեստութեամբ, բազմազանութեամբ, թատերական գիտութեան մակարդակով, կը մնայ իսկական զարդն ու վայելքը փարիզահայ փոքրաթիւ մենաշնորհեալ հանրութեան:

Թ. Շ.

«Նոր Յառաջ» 

Scroll Up