Ռուբիկ Գոլոյեան՝ Կլենտէյլի Հանրային Գործերու Ոլորտի Տնօրէն
Երեքշաբթի, Յունիս 3ին, Կլենտէյլի քաղաքապետական խորհուրդը որոշեց Ռուբիկ Գոլոյեանը նշանակել Կլենտէյլի հանրային գործերու ոլորտի տնօրէն (Public Works Director): Ան այս պաշտօնը պիտի ստանձնէ Յուլիս 1ին:
Գոլոյեան 14 տարիներէ ի վեր նուիրեալ սպասարկութիւններ կը մատուցէ Կլենտէյլի՝ զանազան պաշտօններու ընդմէջէն: Ան եղած է քաղաքի ճարտարապետը, գլխաւոր քաղաքային ճարատարապետ ու հանրային գործերու ոլորտի փոխտնօրէն: Նախքան Կլենտէյլ հաստատուիլը, ան պատասխանատու պաշտօններ ստանձնած է նաեւ Ֆրեզնոյի մէջ:
Քաղաքի վարիչ Սքաթ Օչօա դրուատած է Գոլոյեանի բազմաթիւ դրական նեդրումները, որոնք զինք դարձուցած էին այս նոր պաշտօնին լաւագոյն թեկնածուն: Գոլոյեան պիտի փոխարինէ Սթեֆըն Զըրնը:
Ռուբիկ Գոլոյեան պատիւներով աւարտած է Լոնտոնի համալսարանը, ճարտարագիտութեան մասնագիտութեամբ, որմէ ետք մագիստրոսի վկայական ստացած է «Ուուտպըրի» համալսարանէն, կազմակերպութեանց ղեկավարման մարզին մէջ: Ան ամուսնացած է եւ ունի երեք զաւակ:
Այժմ, ան պատասխանատու պիտի ըլլայ քաղաքի մօտաւորապէս 350 մղոն ճամբաներու, 360 մղոն կոյուղիներու եւ 600 մղոն մայթերու, նաեւ՝ տասնեակ հազարաւոր ծառերու, զանազան կառոյցներու եւ երթեւեկի նշաններու պահպանման ու բարելաւման: