«Լիբանանի Հայ Գաղութը Ինծի Տուաւ Ինքնագիտակցութիւն Ու Ձեւաւորեց Զայն» Ըսաւ Փրոֆ. Ռիչըրտ Յովհաննէսեան

Կազմակերպութեամբ Հայկազեան համալսարանի Հայկական սփիւռքի ուսումնասիրութեան կեդրոնին, երէկ` չորեքշաբթի, 14 մայիս 2014-ի երեկոյեան ժամը 6:00-ին, պաշտօնական բացումը կատարուեցաւ «Լիբանանի հայերը» (Բ.) նիւթով գիտաժողովին:

Ներկայութեամբ պետական, քաղաքական, ակադեմական, միութենական անձնաւորութիւններու եւ երիտասարդ համալսարանականներու կայացած այս ձեռնարկին բացումը կատարեց Հայկական սփիւռքի ուսումնասիրութեան կեդրոնի տնօրէն դոկտ. Անդրանիկ Տագէսեան, որ անդրադարձաւ գիտաժողովի ընդհանուր նիւթին` Լիբանանի հայերը` նշելով, որ ասիկա այս ծիրին մէջ կազմակերպուած գիտաժողովներու շարքին երկրորդն է: Դոկտ. Տագէսեան դիտել տուաւ, որ Հայկական սփիւռքի ուսումնասիրութեան կեդրոնի առաքելութեան գլխաւոր նպատակներէն է պրպտել ու պարզել Լիբանանի հայութեան ապրած դառն ու խանդ օրերու յուշերն ու նախորդներու կտակած աւանդին իմաստը:

Դոկտ. Անդրանիկ Տագէսեան

Դոկտ. Անդրանիկ Տագէսեան

Վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեան

Վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեան

Դոկտ. Տագէսեան շնորհակալութիւն յայտնեց օրուան հիւր բանախօս փրոֆ. Ռիչըրտ Յովհաննէսեանին եւ ներկայացուց անոր կենսագրականն ու գործերը եւ իրագործումները:

Այս առիթով նաեւ իր ողջոյնի խօսքը փոխանցեց Հայկազեան համալսարանի նախագահ վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեան, որ բարձր գնահատեց Հայկական սփիւռքի ուսումնասիրութեան կեդրոնի դերը` յայտնաբերելու եւ հանրութեան ներկայացնելու լիբանանահայութեան կենսական դերը Լիբանանի ու առհասարակ սփիւռքի մէջ:

Հայկազեանի նախագահը բարձր գնահատեց լիբանանահայութեան դերը Լիբանանի, Միջին Արեւելքի, սփիւռքահայութեան ու առհասարակ հայութեան յետեղեռնեան պատմութեան կերտումին մէջ:

Ապա խօսք առաւ ամերիկահայ պատմագէտ, ակադեմական փրոֆ. դոկտ. Ռիչըրտ Յովհաննէսեան, որ նախ հայերէնով, ապա անգլերէնով յիշեց եւ յիշեցուց լիբանանահայութեան, յատկապէս Պէյրութի հայերու 1950-ական թուականներու երանելի օրերը: «Ես հոս շատ անյարմար կը զգամ ինքզինքս, քանի մասնագէտ չեմ այս գաղութի պատմութեան, սակայն այս գաղութը ինծի տուաւ ինքնագիտակցութիւն, ձեւաւորեց ինքնագիտակցութիւնս», ընդգծեց փրոֆ. Յովհաննէսեան:

Փրոֆ. Ռիչըրտ Յովհաննէսեան

Փրոֆ. Ռիչըրտ Յովհաննէսեան

Ապա ան սահիկներու օգնութեամբ ցոյց տուաւ բոլոր այն վայրերն ու կեդրոնները, ուր ան գտնուած էր իր Լիբանան կեցութեան ընթացքին:

Ան խօսեցաւ իր մանկութեան, պատանեկութեան ու առհասարակ իր կազմաւորման գլխաւոր հանգրուաններուն եւ յատկապէս իր կեանքին վրայ մեծ ազդեցութիւն ունեցած Սիմոն Վրացեանին մասին:

Ծագումով խարբերդցի, ամերիկածին փրոֆ. Յովհաննէսեան, Եղեռնէն ճողոպրած իր հօր յիշատակը յարգելով հանդերձ հայերէն չէր գիտեր: Ու երբ ան Վրացեանի թելադրանքին անսալով Պէյրութ կը ժամանէ հայերէն սորվելու, խորապէս կ՛ազդուի Պէյրութի հայաբնակ թաղերու իր տպաւորութենէն, հայախօս փոքրիկ աղջնակներէն, երբ Ամերիկայի մէջ հայկական ոչ մէկ դպրոց կար, իսկ հայախօս` հազուադէպօրէն:

Մերթ հայերէնով, մերթ անգլերէնով իր ցուցադրած սահիկներու պատկերները բացատրելով, ան վերյիշեց 1950-ական թուականները` ներկաները փոխադրելով լիբանանահայ գաղութի կազմաւորման ամէնէն փայլուն հանգրուանի օրերու մթնոլորտը: Ան յիշեց օրինակ Լիբանանի կրօնական ու մշակութային կեանքին մէջ շահեկան ներդրում ունեցած Զմմառու վանքը: Ցոյց տուաւ զանազան դէմքեր ու պատկերներ` Պէյրութի «Նշան Փալանճեան» ճեմարանի հայաշունչ պարտէզէն, աւարտական հանդէսէն, տնօրէն Վրացեանի, տիկին Գոհարի, Մուշեղ Իշխանի, անգլերէնի դասատու «Սըր»-ի եւ շատ ու շատ դէմքեր: Ան նաեւ ցոյց տուաւ պատկերներ` Պոլոնիայէն, Անթիլիասի նարնջենիներէն, Էշրեֆիէի Հայ կաթողիկէ պատրիարքարանէն, Սրբոց Քառասնից Մանկանց, Ս. Աստուածածին եւ Ս. Յակոբ եկեղեցիներէն եւ այլն:

aztagdaily.com

Scroll Up