Սիպիլ Ստացաւ Սփիւռքի Լաւագոյն Երգչուհիի Մրցանակը
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2014/05/sibil1.jpg)
Քալիֆորնիոյ հանգստավայրերէն՝ Փալ Սփրինկսի Ակուա Գալիէնթի Տը Շով դահլիճին մէջ Մայիս 11-ին տեղի ունեցաւ “Ամերիկայի համաշխարհային երաժշտութեան մրցանակաբաշխութիւն”-ը, որուն հրաւիրուած էին մասնակցութիւն բերելու նշանաւոր բազմաթիւ արուեստագէտներ։ Մրցանակաբաշխութեան ընթացքին պոլսահայ երգչուհի Սիպիլ Փէքթորոսօղլու ստացաւ “Սփիւռքի լաւագոյն երգչուհի” մրցանակը։