Ուայոմինկ Եւս Մերժեց Պաքուի Հակահայ Բանաձեւը

Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ 25ի դէմ 35 քուէով, Ուայոմինկի նահանգային խորհրդարանը վերջերս մերժած է Ատրպէյճանի հովանաւորութիւնը վայելող թիւ 2 հակահայ բանաձեւը, որուն նպատակն էր պատմութիւնը խեղաթիւրել:
Այսպիսով, Ուայոմինկ հանդիսացաւ պատմութիւն խեղաթիւրելու Ատրպէյճանի նորագոյն արշաւը մերժող յաջորդական երրորդ նահանգը՝ Հաուայիէն եւ Հարաւային Տաքոթայէն ետք:
Բանաձեւի քննարկման ընթացքին, անոր ընդդիմացողները՝ գլխաւորութեամբ Նեթըն Ուինթըրզի, շեշտը դրած են Ատրպէյճանի իշխանութեան բռնատիրական քայլերուն վրայ՝ դատապարտելով խօսքի ազատութեան ու ազգային եւ կրօնական փոքրամասնութեանց դէմ անոնց առած քայլերը: Քննարկումը կարելի է դիտել՝ այցելելով http://youtube/KXniXJJCwCo կայքէջը:
Նշենք, որ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեան բաց նամակով մը դիմած էր Միացեալ Նահանգներու բոլոր նահանգային խորհրդարաններու անդամներուն՝ կոչ ընելով անոնց, որ դէմ դնեն «ժողովրդավարութիւնը առեւանգելու» նպատակով Ատրպէյճանի իշխանութեանց աշխուժացած ջանքերուն:
asbarez.com