Ներկայացում` Դոկտ. Զաւէն Մսըրլեանի «Հայկական Մասնակցութիւնը Լիբանանեան Երեսփոխանական Ընտրութեանց. 1934-2009» Գիրքին
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2014/03/zavenmesserlian-720x406.jpg)
Կազմակերպութեամբ Հայկազեան համալսարանի հրատարակչատան, երէկ` երեքշաբթի, 11 մարտ 2014-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, համալսարանի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ լիբանանահայ ծանօթ մտաւորական ու կրթական մշակ դոկտ. Զաւէն Մսըրլեանի «Հայկական մասնակցութիւնը լիբանանեան երեսփոխանական ընտրութեանց. 1934-2009» խորագրեալ նորագոյն աշխատասիրութեան:
Ձեռնարկին բացումը կատարեց համալսարանի «Սփիւռքահայութեան ուսումնասիրութեանց կեդրոն»-ի տնօրէն դոկտ. Անդրանիկ Տագէսեան: Անգլերէնով արտասանած իր ողջոյնի խօսքէն ետք դոկտ. Տագէսեան սեղմ գիծերու մէջ անդրադարձաւ «Տի Արմինիըն Փարթիսիփէյշըն ին Լեպանիզ Իլեքշընզ. 1934-2009» խորագրեալ գիրքի հրատարակման պայմաններուն, բովանդակութեան ու անոր շահեկան ներդրումին լիբանանահայ գաղութի պատմագրութեան մէջ: Տագէսեան յայտնեց, որ գիրքին որոշ մասերը նախապէս լոյս տեսած էին Հայկազեան համալսարանի Հայագիտական հանդէսի էջերուն մէջ:
Ապա ան խօսքը փոխանցեց համալսարանի Արուեստից եւ գիտութեան բաժանմունքի պատասխանատու դոկտ. Արտա Էքմեքճիի, որ իր կարգին անգլերէնով եւ հակիրճ ձեւով ներկայացուց օրուան գլխաւոր բանախօս Ռիչըրտ Չէյմպըրի կենսագրականը: Բրիտանացի ակադեմական Ռիչըրտ Չէյմպըր վերջին տարիներուն կը վարէ ՄԱԿ-ի Բարգաւաճման ծրագիրի (Եու. Էն. Տի. Փի.) խորհրդականի պաշտօնը: Ան մօտէն հետեւած է Լիբանանի եւ յատկապէս` լիբանանահայութեան մասնակցութեանց` Լիբանանի երեսփոխանական ընտրութեանց:
Ապա խօսք առաւ Ռիչըրտ Չէյմպըր, որ վեր առաւ դոկտ. Մսըրլեանի նշեալ գիրքին կարեւորութիւնը` քաղաքական թէ պատմագրական մարզերուն մէջ: Ան խիստ բարձր գնահատեց Մսըրլեանի պատմագրական, վերլուծական պրպտումի ոճը: Գիրքը իր մատուցած պատմական հարուստ տեղեկութիւններով, վերլուծական մեթոտով կրնայ ծառայել իբրեւ աղբիւր հետագայ ուսումնասիրութեանց: Անդրադառնալով գիրքին մէջ վեր առնուած լիբանանահայութեան մասնակցութեան` Ռիչըրտ Չէյմպըր դիտել տուաւ, որ հոն զգալիօրէն ակներեւ է լիբանանահայ կնոջ բացակայութիւնը լիբանանահայ երեսփոխանական թեկնածուներու ցանկերէն: Ան նշեց, որ ընտրողներու 52 առ հարիւր համեմատութիւնը իգական քուէարկողներ են:
Իր կարգին, խօսք առաւ նաեւ գիրքի հեղինակ դոկտ. Զաւէն Մսըրլեան, որ թուեց այս գիրքի պատրաստութեան խթան հանդիսացած պայմանները` Մագիստրոսի վկայականի իր թէզի իբրեւ նիւթ պաշտպանելէն մինչեւ Հայկազեան համալսարանի Հայագիտական հանդէսի խմբագրութեան մղումն ու քաջալերանքը, որ աշխատասիրութիւնը շարունակուի եւ ընդգրկէ աւելի համապարփակ տարողութիւն: Մսըրլեան յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց գիրքի հրատարակման նպաստողներուն` մի առ մի թուելով անոնց անունները:
Իր սրտի խօսքը փոխանցեց նաեւ վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեան` նշելով, որ գիրքը լուսարձակի տակ կ՛առնէ հայոց մասնակցութիւնը լիբանանեան երեսփոխանական ընտրութեանց` նոր ու հարուստ պատմական տեղեկութիւններ բացայայտելով: Ան խոր դրուատիքով անդրադարձաւ գիրքի պատմական ու վերլուծական, գիտական ոճին ու փոխանցած կարեւոր տեղեկութեանց, որոնք նոր դռներ կը բանան լիբանանահայ գաղութի պատմութեան մէջ: Վեր. Հայտոսթեան մաղթեց, որ այս աշխատանքին յաջորդեն նմանօրինակ լուրջ ուսումնասիրութիւններ: Հայկազեան համալսարանի նախագահը այս առիթով ողջունեց Արցախի Հանրապետութեան մշակոյթի եւ երիտասարդութեան փոխնախարար Լեռնիկ Յովհաննէսեանի եւ «Գ. Կիւլպենկեան» հիմնարկութեան հայկական համայնքներու բաժանմունքի վարիչ դոկտ. Ռազմիկ Փանոսեանի ներկայութիւնը: Այս առիթով դաշնակի վրայ ելոյթ ունեցաւ Մսըրլեանի նախկին ուսանողներէն Արեգ Տաղլեան` ներկայացնելով հատուած մը Եդուարդ Աբրահամեանի գործերէն:
Աւարտին դոկտ. Մսըրլեան ներկաներուն մակագրեց իր գիրքը, ապա բոլորը հրաւիրուեցան ընդունելութեան:
www.aztagdaily.com