Արցախի Նոր Սերունդի Տաղանդներու Համերգը` Նաեւ Այնճարի Մէջ

Հովանաւորութեամբ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան մշակոյթի եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարարութեան եւ կազմակերպութեամբ Այնճարի ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէի «Արցախ Ֆոնտ»-ի յանձնախումբին, կիրակի, 9 մարտ 2014-ի երեկոյեան ժամը 5:00-ին, Այնճարի «Գ. Կիւլպենկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Արցախի նոր սերունդի տաղանդներու համերգը:

ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէի «Արցախ Ֆոնտ»-ի յանձնախումբին անունով Սեւան Ադամեան արտասանեց բացման խօսքը եւ Մուսա լերան բարբառով  բարի գալուստի ու յաջողութեան մաղթանքներ ուղղեց Արցախէն ժամանած հիւրերուն: Ան իր խօսքի աւարտին հրաւիրեց Զաքար Քէշիշեանը, որպէսզի ներկայացնէ Արցախի նոր սերունդի տաղանդները:

Զաքար Քէշիշեան ողջունեց ներկաները Լիբանանի «Արցախ Ֆոնտ»-ին անունով, բարի գալուստ մաղթեց Արցախի տաղանդաւոր աստղերուն եւ ներկայացուց գեղարուեստական յայտագիրը` անդրադառնալով իւրաքանչիւր կատարողի: Ան բեմ հրաւիրեց մանկական Եւրատեսիլի մրցանակակիր Վլատիմիր Արզումանեանը` սկսելու համար ելոյթը, որուն յաջորդեցին մնացեալ մասնակիցները, որոնք հրամցուցին երգեր, ասմունքներ եւ երաժշտական կատարումներ` տարբեր նուագարաններով:

Ձեռնարկի ընթացքին բեմ հրաւիրուեցաւ նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան մշակոյթի փոխնախարարը, որ իր կարգին նշեց Մուսա լերան եւ Արցախի ժողովուրդներուն ազգագրական կապը եւ ըսաւ, թէ ներկայիս Այնճարը  կը նկատուի հայապահպանութեան կարեւոր կեդրոններէն մէկը սփիւռքի մէջ:

Ձեռնարկի աւարտին ելոյթի մասնակիցները եւ նախարարը պատուուեցան Այնճարը խորհրդանշող յուշանուէրներով:

Համերգին յաջորդեց Արցախի երիտասարդ գեղանկարիչներու ցուցահանդէսը` «Սարգիս Զէյթլեան» ժողովրդային տան «Մովսէս Տէր Գալուստեան» սրահին մէջ: Այնճարի արուեստասէր հասարակութիւնը առիթը ունեցաւ ծանօթանալու Արցախի գեղանկարիչներէն խումբի մը գործերուն:

aztagdaily.com

Scroll Up