Իրանի նախագահին նուիրատւութււնը հայ համայնքին

Պարսկական «Իրնա» լրատու գործակալութեան համաձայն՝ Իրանի նախագահ Հասան Ռոհանի 340 հազար տոլար նուիրած է Թեհրանի մէջ հիմնուած հայ համայնքի հիւանդանոցին։ Վերջինիս խորհրդականը հիւանդանոց այցելելով ըսած է թէ Իրանի մէջ մահմետականներու եւ այլ կրօններու համակեցութիւնը լաւագոյն օրինակն է տարածաշրջանի բոլոր երկիրներուն համար։

Միաժամանակ նախագահ Ռոհանի, աւանդութեան համաձայն եւ Քրիստոսի ծննդեան առիթով այցելած է Մովսիսեան ընտանիքի բնակարանը, որուն հայրը եւ զաւակը պայքարած են իրանեան բանակին մէջ ու նահատակուած։ Ան ընդգծած է կրօնական փոքրամասնութիւններուն կարեւոր դերը՝ իսլամական յեղափոխութեան եւ Իրան-Իրաք պատերազմի օրերուն։ Նախագահը իր յարգանքը մատուցելով զոհուածներու յիշատակին ըսած է, թէ մահմետականներուն համար Յիսուս կը հանդիսանայ գթութեան եւ բարիութեան մարգարէ։

Միւս կողմէ Հայց. եկեղեցւոյ Սպահանի առաջնորդ Բաբգէն Արքեպիսկոպոս յայտնած է, որ Իսլամական Հանրապետութեան մէջ լաւապէս կը յարգուի խօսքի ազատութիւնը, քանի որ Խորհրդարանին մէջ փոքրամասնութիւնները խաղաղ կը գոյակցին եւ ազատօրէն կ՚արտայայտուին իրենց ներկայացուցիչներուն միջոցաւ։

«ՆՈՐ  ՅԱՌԱՋ» 

 

Scroll Up