Համազգայինի «Կարկաչ» Մանկապատանեկան Երգչախումբը Մասնակցեցաւ «Պէյրութ Չանթս» Փառատօնին
Յաջորդաբար 5-րդ տարին ըլլալով` շաբաթ, 21 դեկտեմբերի երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Համազգայինի «Կարկաչ» երգչախումբը մասնակցեցաւ Նոր տարուան եւ Ս. Ծննդեան նուիրուած «Պէյրութ Չանթս» փառատօնին` մեծաթիւ հանդիսականներու ներկայութեան ելոյթ ունենալով Կեդրոնական Պէյրութի Ազգային աւետարանական եկեղեցւոյ մէջ, ղեկավարութեամբ Զաքար Քէշիշեանի եւ դաշնակահար Կամիլա Քէշիշեանի:
Մօտ մէկ ժամ տեւած համերգին ընթացքին երգչախումբը երգեց Արամայիս Սահակեանի «Նոր տարին, Ժուլիեթա Արուստամեանի «Սնդիկ Փիսիկ»-ի, Նանսեն Միքայէլեանի «Քուչիկն ու Փուչիկ»-ը, Եուրի Սահակեանի «Գճուճն ու Ճուտ»-ը, Գարիկ Պանթուրեանի «Մեր աշխարհ»-ը, Նոր տարուան եւ Ս. Ծննդեան նուիրուած հայերէն եւ անգլերէն այլ երգեր, Զաքի Նասիֆի «Ունշուտաթ Ասսալամ»-ը, Ս. Ծննդեան աւանդական «քարոլ»-ներու շարք մը եւ հայկական շարականներէն «Քրիստոս ծնաւ»-ը:
Այս համերգի յատկանշական երեւոյթներէն էր աշակերտուհի Լորի Պիլալեանի նուագակցութիւնը սրինգի վրայ, ինչ որ յաւելեալ կերպով նպաստեց համերգին յաջողութեան: