Հայաշէնի Ժողովրդային Տան «Հրայր Եւ Մարգրիտ Սողոմոնեան» Մարզասրահի Եւ «Սեդրակ Աճէմեան» Վերանորոգուած Սրահի Հանդիսաւոր Բացում
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2013/12/Hayashen-720x378.jpg)
Հովանաւորութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի եւ նախագահութեամբ տէր եւ տիկին Հրայր եւ Մարգրիտ Սողոմոնեաններու` շաբաթ, 21 դեկտեմբեր 2013-ի երեկոյեան ժամը 7:30-ին, Հայաշէնի ժողովրդային տան մէջ բացումը կատարուեցաւ «Հրայր եւ Մարգրիտ Սողոմոնեան» մարզասրահին եւ «Սեդրակ Աճէմեան» վերանորոգուած սրահին:
Համբիկ Միսաքեան
ՀՅԴ «Ռոստոմ» կոմիտէի նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած այս ձեռնարկին սկիզբը` լիբանանեան եւ հայկական քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք, Համբիկ Միսաքեան բացուած յայտարարեց ձեռնարկը, ողջունելով ներկաները եւ յայտնելով, թէ անգամ մը եւս հաւաքուած ենք Հայաշէնի ժողովրդային տան մէջ` ականատես վկաները ըլլալու «Սեդրակ Աճէմեան» վերանորոգուած սրահի եւ «Հրայր եւ Մարգրիտ Սողոմոնեան» նորակառոյց մարզասրահի բացման հանդիսութեան:
«Քաջ գիտնալով, որ առողջ միտքը առողջ մարմնին մէջ է եւ մեկնելով շրջանի երիտասարդներու կարիքներէն` ՀՅԴ «Ռոստոմ» կոմիտէն իրականացուց տարիներու այդ երազը, շնորհիւ տէր եւ տիկին Հրայր եւ Մարգրիտ Սողոմոնեաններու ազնիւ նախաձեռնութեան, որպէսզի նաեւ վերանորոգուի Հայաշէնի երբեմնի հարուստ մարզական կեանքը», ըսաւ Միսաքեան եւ խօսքը փոխանցեց ՀՅԴ «Ռոստոմ» կոմիտէի ներկայացուցիչ Անդօ Գալեմքերեանին:
«Բարի եկած էք Հայաշէն, բարի եկած էք այն շրջանը, ուր նախորդող սերունդներ կառուցած, օրն ի բուն աշխատած, վերանորոգած եւ միշտ հաւատացած են այս կառոյցներու կարեւորութեան` յաջորդող սերունդներուն ազգային դաստիարակութիւն, կուռ նկարագիր, վեհանձն ու մաքուր ոգի ջամբելու առաքելութեան: Բարի եկած էք այն շրջանը, ուր տղաք, աղջիկներ ծնած, հասակ նետած են Հայաշէն թաղին մէջ, թրծուած ու տոգորուած են ազգային, յեղափոխական ոգիով եւ հաւատալով ազգի յաւերժութեան ու մէկ եւ ամբողջական հայրենիքի գաղափարին` Հայ դատի իրագործման ճամբուն վրայ գործած են օրն ի բուն, հասնելով մինչեւ զոհաբերութեան բագինին: Անոնք իրենց ներդրումը ունեցած են Հայաշէնի ազգային դիմագիծի պահպանման մէջ` ի պահանջել հարկին մահուան գնով պահպանելով այս շէնքը», ըսաւ Գալեմքերեան:
Անդօ Քալեմքերեան
Հրայր Սողոմոնեան
«Ապա շատեր, պայմաններու բերումով մեկնեցան ու հեռաւոր վայրերու մէջ շարունակեցին իրենց առաքելութիւնը եւ դարձան ղեկավարներ, կղերական առաջնորդներ ու ազգային բարերարներ: Այս վերջիններէն է մեր շատ սիրելի ընկեր Հրայրը», աւելցուց Գալեմքերեան` շնորհակալութիւն յայտնելով տէր եւ տիկին Հրայր եւ Մարգրիտ Սողոմոնեաններուն, որոնց սրտաբուխ նուիրատուութեամբ իրականացած էր Հայաշէնի տղոց երազը: Գալեմքերեան նաեւ յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանին, որ ընդառաջելով հրաւէրին, իր անդրանիկ այցելութիւնը կատարեց Հայաշէն ու հովանաւորեց այս ձեռնարկը: Ան նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք նեցուկ կանգնած են այս շրջանի զարգացման ու վերելքին, յատկապէս` «Վրեսսօ» հաստատութեան, յանձինս նախարարի պաշտօնակատար Վրէժ Սապունճեանին:
«Հայաշէնցիներս ամուր կառչած ենք շարունակելու մեր ճիգերը` Հայաշէնը պահելու առումով` յուսալով, որ պատկան մարմիններ գիտակցելով Պէյրութ մայրաքաղաքին մէջ Հայաշէնի գոյատեւման կարեւորութեան` կը կասեցնեն այս շրջանի հայութենէն պարպումի երեւոյթն ու անոր նօսրացման վտանգը», ընդգծեց Գալեմքերեան` ՀՅԴ-ի հիմնադիր երրորդութենէն Քրիստափոր Միքայէլեանէն մէջբերումով մը փակելով իր խօսքը:
Իր կարգին, բարերար Հրայր Սողոմոնեան վերյիշեց Հայաշէնի մէջ իր մանկութեան օրերը` «Մուրատ» պատանեկան միութենէն մինչեւ ԼՕԽ-ը, Համազգայինն ու ՀՄԸՄ-ը եւ առհասարակ ազգային, մարզական ու թատերական կեանքը: Սողոմոնեան բարձր գնահատեց Հայաշէնի տղոց ներդրումը` շրջանի պահպանման ու վերելքին մէջ` ընդգծելով, որ հայաշէնցիք արտերկրի մէջ ուր որ ալ գտնուած են` միշտ հպարտութեամբ բացայայտած են Հայաշէնի իրենց պատկանելիութիւնը` վառ պահելով Հայաշէնի ոգին: Բարերար Հրայր Սողոմոնեան շնորհակալութիւն յայտնեց իրեն ընծայուած այս առիթին, որ ան որոշ չափով փոխադարձէ Հայաշէնի մթնոլորտէն իր ստացած ազգային ոգին ու բարոյական դաստիարակութիւնը, «որ նիւթականով չի գնահատուիր»:
«Ես վստահ եմ, որ այս ակումբը եթէ շարունակէ այս ոգիով, անպայման պիտի վերադառնայ իր վաղեմի օրերուն ու կառչած պիտի մնանք մեր սիրելի Լիբանանին», ընդգծեց ան` խոստանալով ստեղծել այնպիսի պայմաններ, որոնք խթան հանդիսանան մեկնողներու վերադարձին:
Շահէ եպս. Փանոսեան
Ձեռնարկին եզրափակիչ խօսքը արտասանեց Շահէ եպս. Փանոսեան` մաղթելով, որ «Սեդրակ Աճէմեան» սրահի նորոգումն ու «Հրայր եւ Մարգրիտ Սողոմոնեան» մարզասրահի բացումը օգտագործուին ի սպաս հայ ժողովուրդին: «Մեր ակումբները մօտիկ անցեալին, մեզի համար մեր բնօրրանէն հեռու` եղան հոգեւոր փոքր հայրենիքներ, որովհետեւ անոնց մէջ մենք ապրեցանք այն, ինչ որ պիտի ուզէինք ապրիլ մեր բնօրրանին մէջ: Այս ակումբներու յարկերուն մէջ կազմաւորուեցաւ մեր ժողովուրդի զաւակներուն նկարագիրը, այս յարկերուն մէջ մենք զմեզ եղանք» ընդգծեց ան այն խոր հաւատքով, որ նոր սերունդը նոյն եռանդով պիտի գործէ: «Վարձքը կատար բոլոր անոնց, որոնք օժանդակեցին այսօրուան իրագործումին», եզրափակեց առաջնորդ սրբազանը յատուկ շնորհակալութիւն յայտնելով Սողոմոնեան ամոլին ու մաղթելով, որ նոր սերունդին մօտ շարունակուին ազգային ոգին եւ ուժականութիւնը` կարենալ դիմադրելու համար հաւանական որեւէ վտանգի թէ մարտահրաւէրի: Ապա ան պահպանիչով փակեց իր խօսքը:
Աւարտին, «Ռոստոմ» կոմիտէի ներկայացուցիչ Անդօ Գալեմքէրեան յուշանուէրով մը պարգեւատրեց Հրայր Սողոմոնեանը: