Հպանցիկ ակնարկ Մովսէս Պչաքճեանի «Լուսաւոր աչքերով օտարականը» վէպի շնորհահանդէսին առիթով

Կայ ու չկայ Փարիզ անունով քաղաք մը կայ, որուն մէջ Մովսէս Պչաքճեան անունով գրող մը կայ, որ քանի մը տասնեակ տարիներէ ի վեր հոն կապրի եւ այդ կախարդական քաղաքին մէջ ստեղծագործական աշխատանք կը տանի իր ապրած միջավայրով, Փարիզով կախարդուած:

Փարիզը երկար տարիներէ ի վեր մեր արեւմտահայ գրողներուն համար քաշողական ուժ ունեցող քաղաք մը եղած է լոյսի ու արուեստներու քաղաք մը ըլլալով հանդերձ:

Անբացատրելի դիւթիչ զօրութիւն մը ունի ան, որ միշտ հմայած է ու դեռ կը հմայէ ոչ միայն մեր գրողներն ու արուեստագէտները, այլ նաեւ օտար մեծանուն գրողներն ու արուեստով զբաղողները Ճէյմս Ճոյսէն, Հեմինկուէյէն, Ֆիցճերալդէն, Հենրի Միլըրէն մինչեւ մեր Սարոյեանը հոն ապրած են տարիներով եւ հոն ալ ստեղծագործած« իրենց վաստակին մաս կազմող յայտնի գործեր:

Մերիններէն  Շահնուր, Սարաֆեան, Շուշանեան, Նարդունի, Արշակ Չօպանեան, Բիւզանդ Թոփալեան, Հրաչ Զարդարեան, Զարեհ Որբունի, Զուլալ Գազանճեան, Գրիգոր Պըլտեան` յիշելու համար մի քանին` մինչեւ Մովսէս Պչաքճեանը, Փարիզ ապրած են: Վերջին երկուքը հոն կապրին ներկայիս եւ հոն ալ յղացած եւ հրատարակած իրենց լաւագոյն գործերը:

Փարիզի մէջ իրենց ապրած կեանքէն ներշընչուած թէ օտար եւ թէ հայ գրողներ ամբողջական աշխարհ մը ստեղծած են, որոնց գործերը գրական ինքնուրոյն արժէք կը ներկայացնեն:

Չտարածուինք ու կեդրոնանանք Մովսէս Պչաքճեանին վրայ, որուն «Լուսաւոր Աչքերով Օտարականը» վէպը  երկրորդ անգամ ըլլալով կը հրատարակուի Երեւանին մէջ: Առաջինը «Ար» հրատարակչութեան կողմէ տասնըեօթը տարի առաջ, իսկ երկրորդը «Հայաստան» հրատարակչութեան 2010-ին, որուն վերջին էջերուն մէջ ներառուած են նաեւ Պչաքճեանական դիպուկ պատմուածք մը` «Աննախասեսելին» խորագրով եւ երկու կարծիք վերոյիշեալ վէպի ու ընդհանրապէս Պչաքճեան գրողին մասին: Առաջինը ջուրերը հաւաքելու մասին` Վեհանուշ Թէքեանի ստորագրութեամբ, իսկ երկրորդը` «Գրողը լուսաւոր աչքերով» Անահիտ Սարգսեանին կողմէ ստորագրուած: Շատ քիչ սփիւռքահայ գրողներ արժանացած են այս բացառիկ պատիւին` ան ալ երկու անգամով նոյն վէպը, նոյն գրողը:

Սովետական Հայաստանի տարիներուն անգամ համայնավարամիտ սփիւռքահայ գրողներ այս զոյգ պատիւին չէին արժանացած: Եկուր եւ մի նախանձիր Պչաքճեանին:

Արդարեւ, Մովսէս Պչաքճեան արժանի է այս պատիւին: Մեր օրերու արժանաւոր արձակագիրն է ան` գրելու ընդունակութիւն, հասկացո-ղութիւն ունեցող արձակագիրը, որ է նաեւ թատերագիր ու բանաստեղծ: Հեղինակն է ան տասէ աւելի այլասեռ հատորներու: Ան գրած է տեղ մը`«Երեսուն տարիքէս ետք միայն անդրադարձայ որ վարակուած եմ գրելու տենդէն»: Ու այդ տենդին ազդեցութեան տակ ան գրեց «Լուսաւոր աչքերով օտարականը» վէպը, որ իր մտքերը յատկանշող ստեղծագործութիւններէն մէկն է:

Ներկայիս արեւմտահայ գրականութեան այդ լուսաւոր եւ լուսատու երբեմնի կեդրոնին մէջ անկիւնադարձային արժէք ներկայացնող գրողներ շատ չմնացին, ինչպիսին էր զիրենք նախորդող վաւերական սերունդը:

Ինչպէս ամէն տեղ, հայ գրականութեան սփիւռքեան տերեւաթափը իր ազդեցութիւնը հոն ալ ունեցաւ:

Ինծի ծանօթ այդ երկու կամ երեք մնացողներէն մէկը Մովսէս Պչաքճեանն է, որ իր հեղինակած հատորներով մեզ կը փոխադրէ Փարիզ, որ հայ մեծանուն գրողներ ապրած ու ստեղծագործած էին« մանաւանդ անցեալ դարու երեսունական անմոռանալի տարիներուն:

Պչաքճեան շարունակութիւնն է այդ սերունդին` Շահան Շահնուրին «Որբունիին», Հրաչ Զարդարեանին եւ ուրիշներուն, անշուշտ իր ունեցած յատուկ արժեչափերով, որ ըստ իս  նուազ չէ իր նախորդներուն ունեցած արժեչափերէն: Ինչպէս իր նախորդները, Պչաքճեանն ալ Փարիզ ապրող հայ գրողին կեանքը կը պատկերացնէ իր հեղինակած գիրքերուն մէջ, որոնցմէ յատկանշականը, ինչպէս ըսի, «Լուսաւոր աչքերով օտարականը» անունով վէպն է, որ ամբողջութեամբ գրքի հերոսին` հեղինակին ունեցած ու ապրած բազմակողմանի մտորումներուն զգացումներուն ու մտային եւ հոգեկան վերիվայրումներուն արտայայտութիւնն է:

Դժուար եղած է եւ է հայ գրողին ապրած կեանքը Սփիւռքին մէջ: Սփիւռքի գրողին մտահոգութիւնները տարբեր են Հայաստան ապրող հայ գրողի ունեցած մտահոգութիւններէն: Հոս կամ հոն ապրող ու խորը թափանցող գրաքննադատ մը շատ դիւրաւ կրնայ բնորոշել զանոնք: Պչաքճեան այս իր վէպին մէջ յստակօրէն կը պատկերացնէ այդ մտահոգութիւնները, որոնք իրն են ու սփիւռքահայ ոեւէ հայ գրողինը նաեւ: Վերջապէս, Սփիւռքին մէջ հայ ծնած ըլլալը, հայկական ուսում ստանալը, օտար երկսեռ շրջապատիդ հետ յարաբերութիւններ ու մտերմութիւններ մշակելը, հայկական ընտանիք կազմելը, հայ զաւակներ մեծցնելը, զանոնք հայերու հետ ամուսնացնելը, թոռնիկներուդ հայկականութիւն փոխանցելը այդքան ալ դիւրին բաներ չեն եւ ոչ ալ բնական բաներ Սփիւռքի հայ գրողին ու առհասարակ հայ մարդուն համար: Մարդկային բնատուր զգացումներուդ եւ ազգային զգացումներուդ միջեւ գոյութիւն ունեցող հոգեսպառ բախումներ են անոնք: Ասիկա հոգեմաշ անվերջանալի նիւթ մըն է, որ զայն հոս շարունակել չեմ ուզեր:

Վէպին մէջ  էջ վաթսունութը ան կը գրէ. «Կեանքը պէտք էր շարունակուեր» շարժումը միակ արտայայտութիւնն էր անոր»:
Իմ բաղձանքն է, որ Պչաքճեան միշտ շարժման մէջ ըլլայ: Կենսասէր շարժման մէջ: Նպատակասլաց շարժման մէջ իր իմաստուն կերպով հնարած Կնաշարին ու Այրաշարին նման, նման Փարիզի մեթրոյին, որ միշտ դէպի իր գերագոյն նպատակին հասնելու կը սուրայ` միշտ դէպի առաջ:

Պչաքճեան իր նպատակաընթացը դէպի Երեւան ուղղած ըլլալուն համար իր հաշւոյն ես շատ գոհ եմ: Ճիշդ է, որ Փարիզը Փարիզ է, բայց Երեւանը իր գրական ու մշակութային կեանքով ուրիշ է: Ուրիշներ ինչ որ ուզեն թող ըսեն, ասիկա իմ խորազգաց համոզումս է: Հաւատքս է: Պչաքճեան իր վէպի աւարտին կը գրէ նաեւ. «Մարդ արարածին տրուած մեծագոյն պատիժը մինակութիւնն է, իսկ մեծագոյն շնորհը առանձնութիւնը:

Իմ մաղթանքն է, որ Պչաքճեան մարդը երբեք մինակութիւն չզգայ, իսկ Պչաքճեան գրողը թող առանձնութեան օրեր ու ժամեր շատ ունենայ, որովհետեւ միայն առանձնութեան մէջ է, որ գրողը պիտի նոր յղացումներ ունենայ ու ծնունդ տայ նոր գործերու:
Չմոռնանք սիրելի Մովսէս` «Լուսաւոր աչքերով օտարականին» ըսածը, թէ Ամէն ինչ գրողէն կախեալ է»:

Մարգար Շարապխանեան (լուսանկարում` հոդվածի հեղինակը)
Մայիս քսանըվեց, 2011, Երեւան
Կարդացուած Հայաստանի Գրողներու Միութեան Տան սրահին մէջ

Scroll Up