Սա­հակ-Մես­րոպ երգչա­խումբին հա­մեր­գը Էքս-ան-Փրո­վան­սի եւ Գա­սիի մէջ

Աւելի քան երե­սուն եւ հինգ տա­րինե­րէ ի վեր գո­յու­թիւն ու­նե­ցող եւ Մար­սիլիոյ Սրբոց Թարգման­չաց Մայր Եկե­ղեց­ւոյ ու Մշա­կոյ­թի կեդ­րո­նի հո­վանա­ւորու­թիւնը վա­յելող Սա­հակ-Մես­րոպ երգչա­խումբը, հա­ւատա­րիմ մնա­լով իր հիմ­նադրու­թեան նպա­տակին, կը շա­րու­նա­կէ իր առա­քելու­թիւնը հայ­կա­կան երգն ու երաժշտու­թիւնը տա­րածե­լու եւ ծա­նօթաց­նե­լու հայ եւ օտար երաժշտա­սէր հասա­րակու­թեան շրջա­նակ­նե­րուն մէջ, միշտ առաջ­նորդու­թեամբ՝ հիմ­նա­դիր-ղե­կավար Խա­չիկ Եըլ­մա­զեանի:

Նո­յեմ­բեր 15, Ուրբաթ գի­շեր տե­ղի ու­նե­ցաւ երգչա­խումբին հա­մեր­գը Էքս-ան-Փրո­վան­սի փա­ռահեղ Ս. Փրկիչ Մայր տա­ճարին մէջ, կազ­մա­կեր­պութեամբ` «Հայ’ս » գլէօպին, որ տա­րինե­րէ ի վեր կ’աշ­խա­տի վառ պա­հելու հայ մշա­կոյ­թի ջա­հը:

Հա­մեր­գին առա­ջին երեք հո­գեւոր եր­գե­րը` Վար­դան Սարգսեանի (Կո­միտա­սի սան) մշա­կած «Ի գե­րեզ­մա­նի», Կո­միտա­սի «Հո­գի Աս­տուծոյ» եւ «Քրիս­տոս ի մէջ մեր յայտնե­ցաւ»ը ձօ­նուե­ցան Միու­թեան հիմ­նա­դիր-նա­խագահ` Տոքթ. Շառլ Տէր-Գէոր­գեանի յի­շատա­կին, որ իր մահ­կա­նացուն կնքած էր եր­կու տա­րիներ առաջ նոյն օրը: Այս եր­գե­րով երգչա­խումբը իս­կա­պէս ստեղ­ծեց կրօ­նաբոյր մթնո­լորտ եւ աղօթ­քի պա­հեր :

Այնուհետեւ յայ­տա­գիրը շա­րու­նա­կուե­ցաւ Եկ­մա­լեանի «Տէր կե­ցո»յով, որուն մէջ Կա­րինէ Միր­զո­յեանը գնա­հատուեցաւ իր ճշգրիտ եւ հա­ճելի մեկ­նա­բանու­թեամբ: Կապ­րիէլ Ֆօռէի «Cantique de Jean Racine»ը եւ Վեր­տիի «Nabucco»էն «Chant des esclaves»ը, շնոր­հիւ խումբին սքան­չե­լի հնչո­ղակա­նու­թեան եւ զգա­յուն մեկ­նա­բանու­թեան, եր­կա­րօրէն ծա­փահա­րուե­ցան:

Առա­ջին մա­սը աւար­տեցաւ Հայկ Գրի­գորեանի մշա­կած «Այ­գուն, այ­գուն» եր­գով եւ «Անոյշ» օփե­րայի ֆի­նալով, որուն մէջ զգա­ցինք թա­խան­ձա­գին սէրն ու կա­րօտը, շա­ղախուած՝ կշռութա­յին եր­ջանկու­թեան զգա­ցումնե­րու հետ:

«Անույշ»ի ֆի­նալին ե՛ւ երգչա­խումբը ե՛ւ մե­նակա­տարու­հի Անի Եըլ­մա­զեանը այնքան զգա­յուն, հնչեղ եւ ան­կեղծ ար­տա­յայ­տութիւննե­րով կա­տարե­ցին իրենց դե­րերը, որ ներ­կայ հա­սարա­կու­թիւնը յոտնկայս ծա­փահա­րու­թիւննե­րով գնա­հատե­ց:

Հա­մեր­գին երկրորդ մա­սը շա­րու­նա­կուե­ցաւ Եկ­մա­լեանի «Ով Հա­յոց» եւ ֆրան­սա­հայ տաղանդաշատ եր­գա­հան Արա Պար­թե­ւեանի «Հա­յոց արե­ւին» եր­գե­րով:

Եզա­կի յօ­րինող Խ. Ստե­փանեանի «Հո­վիւի եր­գը», ըն­կե­րակ­ցութեամբ երգչա­խումբին, թէ­նոր Անդրա­նիկ Մի­նասեանը հիանա­լիօրեն մեկ­նա­բանեց, ան­կեղծ նրբե­րանգնե­րով:

Գէօզէ­լեանի «Երգ բա­րեկա­մու­թեան» եւ Է. Յով­հաննէ­սեանի ներ­բո­ղական քան­թա­թին մէջ Անի Եըլ­մա­զեանը եւ Նու­պա­րիկ Տէր-Մի­նասեանը եր­գե­ցին քնա­րական մե­ղեդի­ներու յա­ջող մեկ­նա­բանու­թեամբ, գու­նա­ւոր նրբե­րանգնե­րով:

Անկրկնե­լի դաշ­նա­կահա­րու­հի Ժիւ­լիէթ Եըլ­մա­զեան հո­գին եւ ոգին է Սա­հակ-Մես­րոպ երգչա­խումբին: Ան իր խոր զգայ­նութեամբ բե­րաւ իր կա­րեւոր բա­ժինը այս հա­մեր­գին յա­ջողու­թեան: Գնա­հատուեցաւ անոր ճար­տար թէք­նի­քը, ան­կեղծ հա­ղոր­դականու­թիւնը երգչա­խումբին հետ:

Հիմ­նա­դիր-ղե­կավար Խա­չիկ Եըլ­մա­զեան ու­նի ճա­շակ, նուիրում եւ հա­ւատք: Հա­կառակ սփիւռքեան շատ դժուար պայ­մաննե­րուն, տաս­նեակ տա­րիներ շա­րու­նակ յա­մառօ­րէն կ’աշ­խա­տի փո­խան­ցե­լու հա­մար հա­յապահ­պա­նու­թեան գոր­ծին աւան­դը:

Շնոր­հիւ իր խմբա­վարի ճար­տար կա­րողու­թեան եւ ամե­նակա­րեւո­րը` իր զգա­ցումնե­րը երգչա­խումբին բո­լոր ան­դամնե­րուն փո­խան­ցե­լու վար­պե­տու­թեան, Սա­հակ-Մես­րոպ երգչա­խումբը կը մնայ սփիւռքեան կա­րեւոր խումբե­րէն մին, տաս­նեակ տա­րինե­րէ ի վեր:

ԳԱՍԻԻ ՀԱՄԵՐԳԸ

Գա­սիի «Արեւ» Միու­թեան կազ­մա­կեր­պութեամբ, Սա­հակ-Մես­րոպ երգչա­խումբը, ղե­կավա­րու­թեամբ ան­խոնջ վա­րիչ Խ. Եըլ­մա­զեանի, Ուրբաթ, Նո­յեմ­բե­ր 22ին Գա­սիի Ս. Մի­շէլ ֆրան­սա­կան եկե­ղեց­ւոյ մէջ հրամցուց գրե­թէ նոյն յայ­տա­գիրով հա­մերգ մը եւս, որ եր­կա­րատեւ յոտնկայս ծա­փահա­րու­թիննե­րով գնա­հատուեցաւ ոչ միայն քիչ թի­ւով հայ, այլ մե­ծ թիւով ֆրան­սա­ցի երաժշտա­սէր­նե­րու կող­մէ: Իրօք մթնո­լոր­տը շատ ջերմ եւ ըն­դունե­լու­թիւնը սրտանց էր: Աւե­լորդ կը գտնենք ման­րա­մաս­նութիւննե­րու մէջ մտնել:

Շեշ­տենք, թէ նո­րաս­տեղծ «Արեւ» Միու­թիւնը` նա­խագա­հու­թեամբ Պե­տիկ Սի­մոնեանի, որե­ւէ ջանք չի խնա­յեր հայ մշա­կոյ­թը ծա­նօթաց­նե­լու հա­մար ծո­վեզե­րեայ այս սիրուն քա­ղաքին մէջ: Անոնք որո­շած են, խան­դա­վառուած՝ այս հա­մեր­գէն, ու­րիշ բազ­մա­տեսակ մշա­կու­թա­յին նա­խաձեռ­նութիւններ իրա­կանաց­նել:

***

Սա­հակ-Մես­րոպ երգչա­խումբը Դեկ­տեմբեր 19ին հրա­ւիրուած է Մար­սի­լիոյ 9րդ թա­ղամա­սի քա­ղաքա­պետա­րանին կող­մէ, տա­լու հա­մար հա­մերգ մը հայ­կա­կան եւ մի­ջազ­գա­յին երաժշտա­կան ստեղ­ծա­գոր­ծութիւններով:

Յ. ՄԵԼՏՈՆԵԱՆ

«Նոր Յառաջ»

Scroll Up