Հարցազրոյց Լոնտոնի հայկական հիմնարկի տնօրէն Գագիկ Ստեփան-Սարգիսեանի հետ

Լոն­տո­նի Armenian Institute-ը հիմ­նո­ւած է 2001 Յու­նի­սին. նպա­տակ ու­նէր ծա­ւալել այնպի­սի մշա­կու­թա­յին գոր­ծունէու­թիւն, որ մատ­չե­լի ըլ­լայ անգլիախօս հայ հան­րութեան։ Նա­խաձեռ­նո­ղը եղած է 5 հո­գինոց խումբ մը, որուն մէջ կան Սիւ­զան Փա­թին, Սե­րա Քէ­լեանը,Պե­տօ Եղիայեանը… Այս խումբին միացած է Գա­գիկ Ստե­փան-Սար­գի­սեան, որ ներ­կա­յիս գոր­ծա­դիր տնօ­րէնի պաշ­տօ­նը կը վա­րէ։

Հիմ­նարկը զա­նազան հրա­տարա­կու­թիւններ ար­տադրած է, ցու­ցա­հան­դէսներ կազ­մա­կեր­պած, ուր հայ­կա­կանու­թիւնը կ՚առըն­չո­ւի գեղարո­ւես­տի, ստեղ­ծա­գոր­ծութեան, Սփիւռքի բազ­մա­զանու­թեան, ինչպէս նաեւ հայ­կա­կան ինքնու­թեան որո­նու­մին՝ աւան­դա­կան եւ ար­դիական մա­տուցման սահ­մաններուն։

– Armenian Institute-ը դիտաւորեա՞լ կերպով ընտրած է անգլե­րէնը իբր հաղորդակցութեան լեզու։

– Այո՛, որով­հե­տեւ գի­տէինք, որ անգլիախօս Հա­յերու խաւ մը կայ որ հե­ռու կը մնայ հայ­կա­կան իրա­կանու­թե­նէն՝ հա­յերէն չհասկնա­լու պատ­ճա­ռով։ Այդ լուռ մե­ծամաս­նութեան հա­մար էր անգլե­րէնի ընտրու­թիւնը, որոնցմէ շա­տեր «միացան» մե­զի, դար­ձան հո­վանա­ւոր­ներ, նուիրա­տու­ներ, բա­րեկամ­ներ եւ որոնցմէ շա­տեր այ­սօր կը մաս­նակցին մեր ձեռ­նարկնե­րուն։

Ինչպի­սի՞ ձեռ­նարկներ կը կազ­մա­կեր­պէք։ 

– Մեծ մա­սամբ մշա­կու­թա­յին կամ երաժշտա­կան ձեռ­նարկներ՝ նոր լոյս տե­սած գիր­քե­րու շնոր­հա­հան­դէսներ, մա­նուկնե­րու տիկ­նի­կային թատ­րոն, հայ­կա­կան ֆիլ­մե­րու ցու­ցադրու­թիւններ (անգլե­րէն են­թա­գրե­րով), կազ­մա­կեր­պած ենք նաեւ մի­ջազ­գա­յին գի­տաժո­ղով­ներ՝ փոք­րա­մաս­նութիւննե­րու ինքնու­թեան հար­ցին շուրջ, ցու­ցա­հան­դէսներ, օրի­նակ՝ Իրա­նահայ ժա­մանա­կակից արուես­տի վե­րաբե­րեալ, որու հա­մար Թեհ­րա­նէն հրա­ւիրե­ցինք մտա­ւորա­կան­ներ (բա­նաս­տեղծ, նկա­րիչ, երա­ժիշտ, ֆիլ­մա­րուես­տի մաս­նա­գէտ­ներ)։ Այս ցու­ցա­հան­դէ­սը գտաւ մեծ յա­ջողու­թիւն եւ ու­նե­ցաւ տա­սը հա­զարէ աւե­լի այ­ցե­լու­ներ, որոնց մե­ծ մասը ոչ-Հա­յեր էին։ Չմոռ­նամ ըսե­լու, որ նշեալ ցու­ցա­հան­դէ­սը տե­ղի ու­նե­ցաւ Լոն­տո­նի կեդ­րո­նը, հա­մալ­սա­րանա­կան թա­ղամա­սը. ցու­ցա­հան­դէ­սին զու­գա­հեռ ու­նե­ցանք հա­մերգներ, դա­սախօ­սու­թիւններ, Փա­րիզէն հրա­ւիրե­ցինք Ռու­բէն Տէր Յա­րու­թիւնեանը եւ «Կոչ­նակ» խումբը։

2010ին կազ­մա­կեր­պե­ցինք Հայ­կա­կան բա­ցիկ­նե­րու ցու­ցա­հան­դէս եր­կու սրահ­նե­րու մէջ. մեծ ցու­ցասրա­հը յատ­կա­ցու­ցինք փոս­տա­յին բա­ցիկ­նե­րու ցու­ցադրու­թեան, իսկ երկրորդ սրա­հին հա­մար դի­մեցինք հոս բնա­կող արեւմտա­հայե­րու սե­րունդնե­րուն՝ եթէ ու­նին տնա­յին առտնին առար­կա­ներ։ Եւ ներ­կա­յացու­ցինք իւ­րա­քան­չիւր առար­կա­յի պատ­մութիւ­նը՝ ուրկէ՞ սկիզբ առած է, ի՞նչ պատ­մութիւն ու­նե­ցած է եւ ինչպէ՞ս հի­մա Լոն­տոն հանգրուանած է։ Այդ առի­թով 2012ին հրա­տարա­կեցինք գրքոյկ մը, ուր տեղ գտած է իւ­րա­քան­չիւր առար­կա­յի պատ­մութիւ­նը, հոն անդրա­դարձ կայ նաեւ Օս­մա­նեան կայսրու­թեան Հա­յերու բե­րած նպաս­տին։

Ըն­թա­ցիկ տա­րուան Յու­նուարի վեր­ջե­րուն եւ Փետ­րուարի սկիզ­բը կազ­մա­կեր­պե­ցինք նաեւ այլ ցու­ցա­հան­դէս մը, ուր ի մի բե­րինք քառասունէ աւե­լի Հա­յեր կամ ծա­գու­մով Հա­յեր, որոնք իրենց արուես­տին մէջ կը ներգրա­ւեն հայ­կա­կան երե­սակը։ Մենք պայ­ման դրած էինք որ ո՛չ ոք պի­տի ներ­կա­յանայ ան­հա­տապէս, այլ հա­մագոր­ծակցա­բար այլ արուես­տա­գէտ­նե­րու հետ, որու որպէս հե­տեւան­ք ի յայտ եկան նոր արուես­տի գոր­ծեր, որոնք առա­ջին ան­գամ ըլ­լա­լով ներ­կա­յացուեցան ցու­ցա­հան­դէ­սին։ Այս ցու­ցա­հան­դէսն ալ մեծ յա­ջողու­թիւն գտաւ եւ երեք օրե­րու ըն­թացքին ու­նե­ցանք շուրջ 500 այ­ցե­լու­ներ: Այս մէկուն հա­մար ալ հրա­տարա­կեցինք գրքոյկ մը։ Երկրորդ պայ­մանն ալ ան էր, որ զա­նազան թե­մանե­րու շուրջ բո­լոր ներ­կա­յացումնե­րը քսան վայրկեանէ աւե­լի պի­տի չտե­ւէին՝ թա­տրոն, բա­նաս­տեղծու­թիւն, երաժշտու­թիւն, եւայլն։

Ձեր պիւտճէն ինչպէ՞ս կը հայ­թայթէք։ 

– Մենք դրա­մաշ­նորհի խնդրան­քով կը դի­մենք անգլիական այն մեծ կազ­մա­կեր­պութիւննե­րուն, որոնք կը նպաս­տեն արուես­տի բնա­գաւա­ռին։ Ու­նե­ցած ենք նաեւ հայ­կա­կան դրա­մաշ­նորհներ՝ Սուրբ Սար­գիս Բա­րեսի­րական աւան­դէն (trust), ինչպէս նաեւ «Պէն­լեան» աւան­դէն։ Իսկ հրա­տարա­կու­թիւննե­րու հա­մար ժա­մանա­կին օժան­դա­կած է Կիւլպէն­կեան հիմ­նարկը։ Օգ­նութիւն ստա­ցած ենք նաեւ Բա­րեգոր­ծա­կան կազ­մա­կեր­պութե­նէն։ Դրա­մաշ­նորհնե­րը 10, 20, 30 հա­զար փաունտի շուրջ կը դառ­նան։ Տոմ­սակնե­րու վա­ճառ­քէն ալ գու­մարներ կ՚ապա­հովենք։ Ըսեմ, որ մենք կը վճա­րենք մեր արուես­տա­գէտ­նե­րու գոր­ծե­րը։

Այ­սօր վար­չութիւ­նը քա­նի՞ հո­գիէ բաղ­կա­ցած է։ 

– Սիւ­զան Փա­թիի Ամե­րիկա մեկ­նումէն ի վեր առան­ձին կ՚աշ­խա­տիմ։ Ու­նինք հինգ հո­գիէ կազ­մուած Հո­գաբար­ձութիւն մը, ինչպէս նաեւ գոր­ծա­դիր վար­չութիւն մը, ուր կ՚աշ­խա­տին կա­մաւոր­ներ։ Ես այ­լեւս չեմ կրնար հո­գաբար­ձութեան ան­դամ ըլ­լալ, քա­նի որ իմ աշ­խա­տան­քին հա­մար կը վճա­րուիմ։ Ին­ծի կ՚օգ­նէ Սե­դա Ուայ­թը եւ հարկ եղած պա­րագա­յին հո­գաբար­ձութեան ան­դամներն ալ ձեռք կու­  տան։

Ըսեմ, որ Հայ Հիմ­նարկի հիմ­նադրու­թե­նէն ի վեր իմ քովնտի աշ­խա­տանքնե­րուն մեծ մա­սը հայ­կա­կան երանգ ու­նին. օրի­նակ տա­րիներ առաջ Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խարա­րու­թե­նէն դի­մեցին ին­ծի, որ­պէսզի դա­սացանկ մը պատ­րաստեմ այն դի­ւանա­գէտ­նե­րուն հա­մար, որոնք Հա­յաս­տան կը գոր­ծուղուին եւ կ՚ու­զեն ծա­նօթա­նալ հա­յերէն լե­զուին։ Ես պատ­րաստե­ցի դա­սըն­թացքնե­րու ցանկ մը տար­բեր մա­կար­դակնե­րով։ Հա­յերէն սոր­վե­ցու­ցի առա­ջին դի­ւանա­գէտին եւ ինը ամիս ետք նոյն անձնա­ւորու­թիւնը իբ­րեւ դես­պան ղրկուեցաւ Հա­յաս­տան։ Ան­կէ վերջ բո­լոր դես­պաննե­րուն ես հա­յերէն սոր­վե­ցու­ցած եմ։

Ես անձնա­պէս արե­ւելա­հայե­րէն կը խօ­սիմ եւ դա­սական ուղղագ­րութիւ­նը որ­դեգրած եմ, սա­կայն հար­կադրուած՝ դի­ւանա­գէտ­նե­րուն կը սոր­վեցնեմ նոր ուղղագ­րութիւ­նը։

Մեր հիմ­նարկը ու­նի նաեւ հա­յերէ­նի դա­սըն­թացքներ, ուր օտա­րախօս­նե­րու հա­մար իմ պատ­րաստած հա­յերէ­նի ու­սուցման ձեռ­նարկը կը կի­րարկուի եւ չորս եռամ­սեայի (իւ­րա­քան­չիւր եռամ­սեայ 15 ժամ) ըն­թացքին աշա­կերտնե­րը կրնան սա­հուն հա­յերէն խօ­սիլ՝ այ­սինքն վաթ­սուն ժամ ու­սա­նելով։ Ու­նիմ տա­սը կէ­տերէ կազ­մուած «ոս­կէ» կա­նոն­նե­րու շարք մը, օրի­նակ՝ որո­շեալ յօ­դի օգ­տա­գոր­ծումը, շա­րահիւ­սութիւ­նը, օժան­դակ բա­յի կա­րեւո­րու­թիւնը, հա­յերէ­նի մէջ ըղ­ձա­կան եղա­նակի օգ­տա­գոր­ծումը (անգլե­րէնի մէջ գո­յու­թիւն չու­նի ըղ­ձա­կան եղա­նակ), եւայլն։ Աշա­կերտնե­րուս միշտ կ՚ըսեմ, թէ նշեալ կա­նոն­նե­րը սոր­վե­լէ ետք կը մնայ միայն զար­գացնել բա­ռապա­շարը։ Իսկ հա­յերէն այ­բուբե­նի ու­սուցու­մը կը սկսիմ այն տա­ռերով, որոնց նմա­նը կայ լա­տինա­կան գի­րերու մէջ։ Գրքոյկներ պատ­րաստած եմ՝ ըն­թերցա­նու­թեան, բա­ռապա­շարի, վար­ժութիւններու, ար­տա­սանու­թեան, եւայլն. ու­նիմ նաեւ ձայ­նագրու­թիւններ, զորս կ՚օգ­տա­գոր­ծեմ դա­սաւան­դութեան ժա­մանակ։

Կապ՝

www.armenianinstitute.org.uk

info@armenianinstitute.org.uk

 

Հասցէ՝

The Armenian Institute

7 Hollingbourne Road, LONDON SE24 9NB

«Նոր Յառաջ» 

Scroll Up