Շէն-Ֆրան­սայի տարեկան տօ­նավա­ճառը բացարձակ յաջողութիւն արձանագրեց

Ինչպէս ար­դէն աւան­դութիւն դար­ձած է, այս տա­րի եւս «Շէն-Ֆրան­սա»ն, Փա­րիզեան շրջա­նի Սեւր քա­ղաքը գտնո­ւող Մխի­թարեան վար­ժա­րանի շրջա­փակին մէջ, եր­կու օրե­րու վրայ եր­կա­րած (Նո­յեմ­բեր 30 – Դեկ­տեմբեր 1) կազ­մա­կեր­պած էր իր տա­րեկան տօ­նավա­ճառը։ Այս ձեռ­նարկը մօ­տալուտ տօ­նական օրե­րուն առ­թիւ Փա­րիզի եւ շրջա­կայ­քի հա­յու­թեան հա­մար հայ­կա­կան ոգիով նո­ւէր­ներ գնե­լու լա­ւագոյն առի­թը կը հան­դի­սանայ։ Աւե­լի՛ն, ան ձե­ւով մը հո­գեկան կապ կը ստեղ­ծէ Հա­յաս­տա­նի հետ, նկա­տի ու­նե­նալով որ հոն հայ ար­հեստա­ւոր­նե­րու ձե­ռամբ իրա­գոր­ծո­ւած աշ­խա­տանքներն են՝ ձե­ռագործ ար­ծա­թեղէն եւ գո­հարե­ղէն, նկար­չա­կան գոր­ծեր, ար­ձաններ եւ զա­նազան այլ իրեր, առար­կա­ներ ու գիւ­ղա­ցինե­րուն ար­տադրանքնե­րը՝ չոր պտուղ… որ կը դրուին վա­ճառ­քի, ինչ որ միաժա­մանակ տնտե­սական նպաստ մըն է Հա­յաս­տա­նի մէջ դժո­ւար պայ­մաննե­րու մէջ գո­յատե­ւող աշ­խա­տու­նակ ու­ժե­րուն։

Հա­յաս­տա­նեան ար­տադրանքնե­րուն կող­քին, տօ­նավա­ճառը լայն տեղ կու տայ նաեւ գիր­քե­րուն։ Ներ­կայ էին նաեւ հրա­տարա­կու­թեանց հե­ղինակ­նե­րը՝ մա­կագ­րութեան հա­մար, ինչպէս Թա­լին Տէր-Մի­նասեան, Հու­րի Վար­ժա­պետեան, Գլօտ Մութաֆեան, Փաս­քալ Մա­նու­կեան, Հրանդ Նոր­շէն, Յաս­միկ Շա­հինեան, եւայլք։

Կա­րեւոր է ընդգծել՝ Հա­յաս­տա­նի օգ­նութեան ար­շա­ւը ան­կա­րելի է իրագործել առանց հա­մոզու­մի, առանց նո­ւիրու­մի։ Շէ­նի եւ տօ­նավա­ճառի կազ­մա­կեր­պիչնե­րուն անձնա­կան ներդրու­մը ինքնի­ն աւե­լի մեծ դրա­մագ­լուխ մըն է, որ առիթ կ՚ըն­ծա­յէ ըն­կե­րային ջերմ մթնո­լորտ ստեղ­ծե­լու եւ տօ­նավա­ճառի այս եր­կու օրե­րը վե­րածե­լու փա­րիզա­հայու­թեան ըն­կե­րային ժա­մադ­րա­վայ­րին։

Տօ­նավա­ճառը ու­նի նաեւ իր Շա­բաթ երե­կոյեան ճաշը՝ Սեւ­րի Աքո­ւա նո­թիք-ի սրա­հին մէջ, որուն ներկայ գտնուեցան շուրջ 220 հո­գի։ Երե­կոյթը ձեռնհա­սօրէն վա­րեց Յով­հաննէս Քիւլչէ­եան, իսկ Հայկ Թու­ֆա­նեան ներ­կա­յացուց Շէն-Ֆրան­սա­յի հա­յաս­տա­նեան գոր­ծունէու­թիւնը։ Գե­ղարո­ւես­տա­կան բաժ­նին ելոյթ ու­նե­ցաւ Շա­ւիլի եկե­ղեց­ւոյ երգչա­խումբին եր­գ­էոնա­հար՝ Կա­րինէ Պետ­րո­սեանը, որ ստեղ­ծեց խան­դա­վառ եւ ու­րախ մթնո­լորտ մը։

Յայտնենք, թէ այս տա­րուան վա­ճառ­քի ընդհա­նուր գու­մա­րը եղած է մօտ 80 հա­զար եւ­րօ, որուն 70 տո­կոսը կը ներ­կա­յաց­նէ ծա­խուած ապ­րանքնե­րու ինքնարժէքը։

«Նոր Յառաջ» 

Scroll Up