Գարեգին Սրբազան մասնակցեցաւ Քէմալ Եալչընին նուիրուած հանդիսութեան

Առաջնորդ Գա­րեգին Արք. Պեքճեան օրերս Պոխու­մի մէջ մաս­նակցե­ցաւ ծանօթ թուրք գրող Քէ­մալ Եալ­չը­նի հե­ղինա­կու­թեան 40ամեակին նուիրուած հան­դի­սու­թեան, ուր ներ­կայ էին շուրջ 400 հիւ­րեր:

Բարձրաս­տի­ճան այլ հիւ­րե­րու կող­քին, որոնց շար­քին մէջ կա­րելի է յի­շել երես­փո­խան Աք­սէլ Շէ­ֆէրը եւ Պո­խու­մի քա­ղաքա­պետ Տի­կին Տոքթ. Օթթի­լէ Շոլ­ցը, իր սրտի խօս-քը ուղղեց նաեւ Սրբա­զան Հայ­րը, բարձր գնա­հատե­լով Քէ­մալ Եալ­չընի ան­կեղծ ու ազ­նիւ կե­ցուած­քը ի մաս­նաւորի Թուրքիոյ մէջ հա­լածանքնե­րու եւ ցե­ղաս­պա­նու­թեան են­թարկուած Հայոց եւ այլ փոք­րա­մաս­նութիւ­նե­րու հան­դէպ: Քէ­մալ Եալ­չըն հե­ղինակն է բազ­մա­թիւ գիր­քե­րու, որոնցմէ եր­կուքը՝ «Հո­գիս քեզ­մով կը խայ­տայ» եւ «Սա­րի Կեալին»ը նուիրուած են Ցե­ղաս­պա­նու­թե­նէն փրկուած Հա­յերու եւ իրենց յա­ջորդ սե­րունդնե­րու կեան­քին, եւ հա­յերէ­նի թարգմա­նուած են Գա­րեգին Սրբա­զանին կող­մէ:

Այս աոթիւ խօսք առ­նողնե­րու շար­քին կար Փրոֆ. Օնուր Կիւնթիւրք, որ ներ­կա­յացուց Եալ­չը­նի գրա­կանու­թեան յատ­կանշա­կան գի­ծերը: Խօ­սեցան նաեւ Ալ­պէրթ Սէվինչ, Ամե­րիկա­յէն Պ. Խնդի­րեան, որոնք հե­ղինա­կին գիր­քե­րուն հե­րոս­ներն էին:

Յո­բելինա­կան հան­դի­սու­թիւնը ճո­խացած էր հայ, թուրք եւ քիւրտ երա­ժիշտնե­րու, եր­գիչնե­րու ելոյթնե­րով, ար­տա­սանու­թիւննե­րով եւ յո­բելեարին մա­սին պատ­րաստուած ֆիլ­մի մը ցու­ցադրու­թեամբ:

Դիւան Առաջնորդարանի

Քէօլն

«Նոր Յառաջ»

Scroll Up