Արսինէ Խանճեան Եւս Պիտի Մասնակցի Հայ Դատի Խորհրդաժողովին

Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին կողմէ կազմակերպուած եւ Գոհաբանութեան տօնի շաբաթավերջին կայանալիք խորհրդաժողովին, «Շարժապատկեր եւ արուեստներ» քննարկումին ընթացքին ելոյթ պիտի ունենայ նաեւ յայտնի դերասան ու մարդկային իրաւանց պաշտպան Արսինէ Խանճեանը:

Խանճեան ելոյթ պիտի ունենայ Ուրբաթ, Նոյեմբեր 29ին, երեկոյեան ժամը 6էն սկսեալ՝ աւելի եւս հարստացնելով արդէն իսկ տպաւորիչ բեմադրիչներ, երաժիշտներ, արուեստագէտներ ու հեղինակներ ունեցող քննարկումը, որուն նպատակն է Հայ Դատի պայքարը առաջ տանիլ՝ շարժապատկերի եւ արուեստներու օգտագործումով:

«Խանդավառ ենք, որ Արսինէ Խանճեան մաս պիտի կազմէ այս կարեւոր քննարկումին, նկատի ունենալով, որ ան տասնամեակներու փորձառութիւն ունի արուեստներու միջոցաւ մարդկային իրաւունքներու պաշտպանութեան մարզին մէջ», կը յայտնէ խորհրդաժողովի կազմակերպիչ յանձնախումբի ատենապետ Արա Խաչատրեան:

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 29ին սկսող խորհրդաժողովը պիտի շարունակուի մինչեւ Կիրակի, Դեկտեմբեր 1, Հոլիվուտի «Լոզ» պանդոկին մէջ՝ ի մի բերելով արուեստագէտներ, իրաւական մարզի մասնագէտներ, մտաւորականներ եւ գործիչներ, Հայ Դատը յուզող վերջին իրադարձութիւնները եւ ապագայ գործունէութիւնը քննելու համար:

«Ճինի» եւ «Ճիմինի» մրցանակներուն տիրացած դերասանուհի Արսինէ Խանճեան աշխատած է շարք մը յայտնի բեմադրիչներու հետ, ներառեալ՝ Քեն Ֆինքըլմըն, Ատոմ Էկոյեան, Մայքըլ Հենըքը, Օլիվիէ Ասեյաս եւ Թաւիանի եղբայրներ: Ան նաեւ համաարտադրած է «Քելենտըր» ֆիլմը ու դերասանութիւն կատարած է եւրոպական ու քանատական բեմերու վրայ: 2012ին, ան եղած է Քաննի աշխարահռչակ շարժապատկերի փառատօնի կարժ ֆիլմերու բաժանմունքի դատակազմի անդամ, իսկ 2005ին, արժանացած է շարժապատկերի եւ պատկերասփիւռի աշխարհին մէջ կանանց յատուկ «Ստեղծագործական կատարելագործման Քրիսթըլ մրցանակ»ին:

Նաեւ, 2012ին ան Պերլին, Պոլիս ու Երեւան այցելած է մարդկային իրաւանց գործիչ Ֆեթհիէ Չեթինի հետ, «Սիվիլիթաս»ի կողմէ կազմակերպած եւ Հայկական Ցեղասպանութեան շուրջ պատմական ու քաղաքական քննարկումներու նուիրուած շրջապտոյտի մը համար:

Հայ Դատի խորհրդաժողովի «Շարժապատկեր եւ արուեստներ» քննարկումին պիտի մասնակցին նաեւ Սեպուհ Սիմոնեան, Պարէտ Մարոնեան, Վահէ Պէրպէրեան, Էտվին Աւանէս, Սերժ Մինասեանս եւ Միշլին Ահարոնեան Մարքըմ, իսկ անոր համադրողն է Արամ Գույումճեանը:

Հայ Դատի խորհրդաժողովին արձանագրուելու համար, այցելել itsmyseat.com/ANCAWR կայքէջը կամ դիմել (818) 500-1918 թիւին:

Խորհրդաժողովին ու անոր զուգահեռ կազմակերպուած ու «Ռոյ Տոլպի» սրահին մէջ Շաբաթ, Նոյեմբեր 30ին կայանալիք Հայ Դատի տարեկան ձեռնարկին մասին յաւելեալ տեղեկութեանց կամ տեղեր ապահովելու համար, այցելել

Facebook.com/ANCAWesternRegion կայքէջը կամ ancawr.org կայքը:

http://asbarez.com

Scroll Up