Բանաստեղծին Սիրտը

Ընթերցողի սեղանին է դրուած յոյժ բովանդակալից եւ հետաքրքրական գիրք մը   ՎԱՀԷ-ՎԱՀԵԱՆԻ «ԲԱՆԱՍՏԵՂԾԻՆ ՍԻՐՏԸ», որ կը պարփակէ բանաստեղծ, խմբագիր, կրթական մշակ եւ ազգային հասարակական գործիչ վահէ-վահեանի նամականին: Հատոր մը այս, որ լոյս է տեսած խմբագրութեամբը եւ ծանօթագրութեամբը հայ գիր ու գիրքի անխոնջ մշակ Արամ Սեփեթճեանի, Սիփան Հրատարակչատունէն, 2012-ին եւ  բաղձանքովը հանգուցեալ հեղինակին, որ իր մօտ գտնուող նամակներու ծրարը յանձներ էր որդիին ճարտարապետ Ցոլակ Ապտալեանին, առ ի հրատարակութիւն իր շիջումէն ետք:

Նամակագրութիւնը մեր գրականութենէն ներս եւ առհասարակ, նոր տարածքով կը հարստացնէ նամակագրին ներաշխարհի բացայայտումը: Անիկա անկեղծ հաղորդակցութիւն է, գերազանցօրէն, մտերիմ զրոյց, խոհի եւ յոյզի խոստովանանք, որոնք Վահէ Վահեան (1980, Պէյրութ) անմիջականօրէն կը բխին հեղինակին ներաշխարհէն, առանց հպումին ներքին խմբագրին, որ հաւանաբար անոնցմէ պիտի զեղչէր բառեր ու տողեր, հրապարակումի «անյարմար» թուացող կամ դատուող…: Իսկ երբ նամականիին հեղինակը բանաստեղծ հոգի մըն է զգայուն տառապանքի դժոխքէն անցած, յետ-Եղեռնեան Սփիւռքի գրական- կրթական-մշակութային-հասարակական կեանքի վկան ու ամբողջանուէր մասնակիցը, այն ատեն այդ նամակագրութեան հրատարակութիւնը կը դառնայ նաեւ ու յատկապէս վաւերագրական արժէք ներկայացնող հատորի մը լոյս ընծայումը, մեր պատմութեան մէկ փոթորկայոյզ շրջանի խորապրուած փորձառութեան մը արձագանգը….:

վահէ-վահեանի հրապարակուած նամակներէն քիչեր միայն ունին ներանձնական բնոյթ, ուղղուած սիրուած էակներու, ընտանեկան անդամներու թէ մտերիմներու: Մեծաւ մասամբ, անոնք ուղղուած են իր ժամանակի գրական, հասարակական, հայրենի կարկառուն դէմքերու եւ կը շօշափեն գրական-գեղագիտական խնդիրներ, այլեւ մեր ժողովուրդն ու հայրենիքը յուզող խռովքներն ու տագնապները, ազգային-հասարակական դրական թէ ժխտական երեւոյթները, որոնք միասնաբար կը հիւսեն մեր պատմութեան արդի ժամանակաշրջանի տարեգրութիւնը: Այդ բոլորին մէջ, կը ցցուի պատկառազդու հասակն ու անհատականութիւնը ՎԱՀԷ-ՎԱՀԵԱՆԻ խորապէս սկզբունքային ու գաղափարապաշտ, զօրաւոր համոզումներու տէր, բծախնդիր ու խղճամիտ, արի ու տոկուն….ամբողջանուէր կամաւորագրեալը հայ գիր ու գրականութեան, ազգին ու հայրենիքին…:

Տարագրութեան գեհենէն անցած բանաստեղծը իր նամակներուն մէջ, մշտապէս պիտի մնար հալածանքին տակ իր ենթագիտակցութիւնը խռովող աքսորի պատկերներուն եւ սարսափի վերապրումներուն: Լիւսի Փոթուքեանին (Զարիֆեան) ուղղուած նամակին մէջ, բանաստեղծը կը գրէ այնքան յատկանշականօրէն. «Միտքս կ՚երթայ ևորէև իմ մանկութեանս, աքսորի ճամբան: Մսագործի դանակէն սկսեալ մինչեւ մանգաղով, կացինով ու հրազէնի տեսակներով զինուած խուժանը իջաւ մեր վրայ սեւ ամպի պէս, մարմնացեալ մղձաւանջի նման, երկու կողմերն ի վար խոր ու երկար այն կիրճին, ուր իրարու սեղմուեր, անշարժացեր էինք մենք, բազմութիւն մը հազար հինգ հարիւրէ աւելի կիներու եւ մանուկներու: Գունափոխուեցաւ մէկէն ամէն բան: Ծուխի եւ արիւնի խառնուրդ մը պղտորեց մեր աչքերը, ու սարսափը տուաւ տարօրինակ զգայութիւն մը մեզի: Սկզբնական գոռում-գոչումին յաջորդեց պապանձում մը կատարեալ:…. Մնացինք մենք շշմած մեր մեռելներուն աոջեւ, վիրաւորեալներուն խուլ հառաչանքին դիմաց, թշուառ ցուցադրութեամբ մը կիսամերկ մարմիններու …: Այնուհետեւ, վերապրողներուս բաժինը եղան լա ցը անօթութեան ու ցաւի, ստորնացո ւմը նախատինքի, ներքին ճանկռտուքը անարգելելի վերյիշումներուն ու տեսակ մը վրէժխնդիր կիրք ապրելու, տեւելու եւ փոխհատուցման…»:

Ապրելու եւ տեւելու այդ վրէժխնդրութեան ամէնէն ազնիւ արտայայտութիւնը վահէ­վահեան գուցէ գտաւ գրելու, ստեղծագործելու իր տենդին մէջ…: Նշան Պէշիկթաշլեանին գրած իր նամակին մէջ, դիպուկ են իր խօսքերը մեր լեզուին մասին, որուն նուիրուեցաւ ան իր գրականութեամբ, ուսուցչութեամբ եւ «Անի» գրական հանդէսի խմբագրութեամբ: «Մեր հարստութեան վերջին լուման է մեր լեզուն: Եթէ կորսնցնենք նաեւ այդ մնացածը, մեզի կը մնայ գերեզման փնտռել մեր սնանկ գոյութեան համար»:

Յանուն հայ լեզուին ու հայ գիրին, գաղափարին ու գեղեցկութեան համար մղուած անհատնում եւ հոգենուէր ճիգ էր «Անի» ամսագրի խմբագրումը շուրջ տասը տարի անընդմէջ: Հոսանքին դէմ թիավարելու սպառում մը արտասահմանեան մեր պայմաններուն մէջ: «Պէտք էոր աշխատինք եւ տանք սրտագին, հոգիով», կը գրէ ան Հրաչ Զարդարեանին հասցէագրուած նամակին մէջ. «Քիչ անգամ մեր ժողովուրդը պէտք ունեցած է իմացական առողջ սնունդի ա յնքան անհրաժեշտաբար որքան ներկայիս:… Դուք կոչուած էք ազգին ու մարդկութեան ձեր պարտքը հատուցանելու գեղարուեստական գրականութեանուղիով….»: Իր ծրագիրն էր, արդարեւ, արտասահմանի լաւագոյն գրական ուժերը համախմբել «Անի»ի մէջ: « Պէտք էոր Սփխռքային գրականութիւնը ստանայ յստակ դիմագիծ, միակ եւ ընդհանուր հայ գրականութեան մը երջանիկ իրականացումէն առաջ, որպէսգի վերջին արդիւնքին մէջ կարենայ ունենալ իր բարենպաստ դերը», կը գրէ ան Պետրոս Զարոյեանին, կոչ ընելով միաժամանակ որ աշխատանք տարուէր որ գրական այս շարժումին իրենց աշխատակցութիւնը բերէին բոլոր անոնք, որ ունէին գրական շնորհ եւ գաղափարական նուիրում: Գրական-գեղարուեստական երկի մր բուն արժեչափը վահեան պիտի փնտռէր գերազանցօրէն մարդու ներաշխարհէն ներս, ցարդ չայցելուած խորութիւններ խուզարկելու միտող անոր բերած թափանցամիտ հայեացքին մէջ:

Առօրեային բռնակալութիւնը, սակայն, կը կլանէր զինք, քանզի վահէ-վահեան էր նաեւ կրթական տիպար մշակ կոչումով, պատրաստութեամբ, իտէալով ու նուիրումով: Բենիամին Նուրիկեանին ուղղուած իր նամակին մէջ, ան կը գրէ սրտացաւօրէն. «Առօրեան է որ կը կլաևէ զիս: Դասաւաևդութխև, դպրոցական անհամար տետրակներու սրբագրութիւն եւ յետոյ «Անին, մինակս, անօգնական»: Կային անհամար դժուարութիւններ ամսագրին նիւթականի ապահովումը, աշխատակիցներ գտնելու, ամսագիրը տարածելու գործը: Ի զուր չէ, որ խմբագրի իր աշխատանքին մասին անդրադառնալով, ան պիտի ըսէր, թէ անիկա «անընդհատ ու կաթիլ-կաթիլ սպառում» էր: Տակաւ պիտի սրտնեղէր բանաստեղծը ի տես Սփիւռքի մեր գրողներուն մօտ հաւատքի ու խանդավառութեան պակասին հայ գիր ու գիրքին նկատմամբ: Ան սրտագին կ՚աւաղէ. «Զիս մոռցան ու բոլորովին մինակ թողուցին գրիչի ու գաղափարի այն եղբայրներս մանաւանդ որոնց օժանդակութեան, գործակցութեա ն վրայ հաշուած էի ես, երբ յանձն կ՚առնէի ամսագիր մր հրատարակելու տաժանքը», Հրաչ Զարդարեանին գրուած նամակին մէջ:

Տակաւին, ինչպէս յայտնի կը դառնայ իր նամակներէն, վահէ-վահեանի գործունէութիւնը չսահմանափակուեցաւ իր խմբագրական, ստեղծագործական եւ կրթական աշխատանքներով միայն, ան հայ մամուլին մէջ եւս բերաւ իր քաղաքացիական սկզբունքային կեցուածքէն բխող թանկագին աշխատակցութիւնը, ինչպէս նաեւ արտասահմանեան գաղութներու, թէ հայրենական բեմերէն հրապարակային խօսք արտասանեց հայ կեանքը յուզող գրական-հասարակական-ազգային հարցերուն շուրջ, փնտռուած բանախօս որպէս, որուն ծանրակշիռ խօսքը լուսարձակ ուղեցոյց եղաւ հայ տարագիր բազմութիւններուն համար մասնաւորապէս:

Իր նամակները կը վկայեն որ անոր կեանքը հիւսուեցաւ հայ կեանքի յետ-Եղեռնեան կարեւորագոյն իրադարձութեանց հետ: Սփիւռքեան կեանքի կազմակերպում դպրոց, մամուլ, գրականութիւն, միութենական-քաղաքական կեանք, հայրենադարձ շարժում, Սփիւռք-Հայաստան կապերու մերձեցում եւ ամրապնդում, Մեծ Եղեռնի Յիսունամեակ, Լիբանանի քաղաքացիական կռիւներ, անդրադարձը անոնց Մերձաւոր Արեւելքի գաղութներու ճակատագրին….Հայաստանի անկախացում: Այս բոլորը անցան իր զգայուն ներաշխարհի պրիսմակէն իր միտքն ու հոգին, իր կեանքը դարձնելով սրբազան այրում ի սէր գաղափարի ու գեղեցկութեան, յանուն մեր ժողովուրդի ու հայրենիքի անխաթար ու անխանգար վերապրումին…:

Իր կեանքի վերջալոյսին գրուած նամակներուն մէջ, վահեան սրտագին կոչ կ՚ընէ առաջքը առնելու խօլամիտ այն անզգամութեան, որ կ՚աճապարէ դամբանական կարդալ Մերձաւոր Արեւելքի հայութեան վրայ: «Մերձաւոր Արեւելքի հայկական գաղութները, ունենալով Պկրութը իբրեւ կեդրոն, եղած են, կը մնան ու վաղն ալ պիտի ըլլան ողնասիւնը սփիւռքահայութեան, աղբիւրը անոր բարոյական ու մտաւոր ուժերուն, հայթայթիչը գոյատեւման պայքարի մարդիկևերուն…», կը գրէ ան Սմբատ Տէրունեանին յղած իր նամակին մէջ: Զուգահեռաբար, դառնօրէն կ՚ափսոսայ ան շուկայիկ մտածելակերպին տիրապետումը իր գաղափարական էութեամբ յատկանշուող Բարեգործականի որոշ շրջանակներէն ներս եւ կ՚ահազանգէ Անդրանիկ Փոլատեանին գրուած իր նամակին մէջ. «Հ.Բ.Ը.Մ.-ը, իր վարչական դրութեան մէջ, կը կարօտի հիմնական վերափոխութեան: Այլապէս հեռու չէ անկանգնելի փլուզումը անոր»: Նոյնքան տագնապալից է իր ձայնը Ալեք Մանուկեանին գրուած նամակին մէջ «Ալեք Մանուկեան Մշակութային Կեդրոն»ին վաճառման ի լուր. «Պէտք չէ որ վաճառուի Ալեք Մանուկեան Մշակութային Կեդրոնին շէնքը, լիբանանահայութեան հետ նաեւ ամբողջ Սփիւռքին ի շահ, ինչո ւ չէ նաեւ մեր Հայրենիքին սիրոյն: Զայն պէտք չէոր ունենան անոնք որ չեն սորված արժեւորել նիւթը չափովը անոր տուած կամ տալիք հոգեւոր, բարոյական, մտաւոր արդիւնքին». Ինչ կը վերաբերի Մելգոնեան Կրթական Հաստատութեան մասին շրջան ընող ատենի զրոյցներուն, վահէ-վահեան դարձեալ ցաւոտ սրտի այրումով կը գրէ Անդրանիկ Տագէսեանին. « Կը լսեմ տխուր բաներ Մելգոնեան Կրթական Հաստատութեան մէջ տիրող ներկայ կացութեան մասին, ու կ՛այրի սիրտս իր ցաւէն: Մեր ամբողջ սփիւռքին մէջ, գրեթէ միակ կեդրոնն է ան, որ կրնայ դաոնալ մարզարանը հայ հոգիի վաղուան պահակներուն»: Նոյն ցաւատանջ ապրումով, Հայաստանի վերանկախացման վաղորդայնին, կը վրդովուի բանաստեղծը ի լուր մեր հայրենիքէն ներս պատասխանատու անձանց «ցնորամտութիւններուն»: «Ո ւր կ՛ուզեն տանիլ մեր անտիրական ժողովուրդը, ոճրայնօրէն թրքամէտ իրենց զառանցանքներով: Երրորդ Ուժի բացառման սկզբունքը, հրաւէր մըն է դէպի անդունդը վերջնական գահավիժումի>, կը գրէ ան Արա Գալայճեանին 21 Հոկտ. 1990- ին:

Իր ներանձնական նամակներուն մէջ, ուղղուած իր ամէնէն սիրուած էակներուն,, վահէ­վահեան կը բանայ իր անձնական մտերմագոյն կեանքի խորախորհուրդ ծալքերը, լսելի դարձնելով ընթերցողին իր սրտի տրոփիւնը, շունչի հեւքը, հոգիի թրթիռն ու նրբանուրբ մեղեդին, որոնք ընթերցողը կ՚առնեն իր ներքին խորապրումներուն առթած ներշնչանքի կախարդանքին տակ… :

Եւ այսպէս, վահէ-վահեան բանաստեղծն ու խմբագիրը, կրթական մշակն ու ազգային հասարակական գործիչը, նամակ առ նամակ եւ տող առ տող կը բանայ իր սրտին ու մտքին գաղտնարանը, տեսանելի դարձնելով ի մասնաւորի իր խռովքներն ու տագնապները, երազներն ու տեսիլքը աւելի քան վաթսուն տարիներու վրայ երկարող հայ կեանքի գրական-գեղարուեստական, մշակութային-կրթական, ազգային-հասարակական խնդիրներուն շուրջ….սիրտէ-սիրտ փոխանցուող անկեղծութեամբ եւ հարազատութեամբ: Նամականիին ընթերցումը, արեւմտահայերէնի անոր ողջ գեղեցկութեամբ ու անթերի մաքրութեամբ, հոգեմտաւոր խրախճանք է ….բանաստեղծի սրտին հետ հոգեյոյզ հաղորդակցութիւն, որմէ դուրս կու գայ ընթերցողը առաւել հարստացած, ազնուացած ու հայացած… :

Իր դստեր Շողեր Ապտալեանին ուղղուած մէկ նամակին մէջ, բանաստեղծը ցաւատանջ պիտի խոստովանէր. «Դատապարտուած եմ մնալու միշտ չհասկցուած մարդը…»: Սիրելի բանաստեղծ, որ եղար նաեւ Հայոց լեզուի եւ Հայ գրականութեան մեր երախտարժան ուսուցիչը, ՀԲԸՄ Դարուհի Յակոբեան Երկր. վարժարանի յարկին տակ, կրնաս վստա հ ըլլալ անդէնական կեանքիդ մէջ, որ այս ՆԱՄԱԿՆԵՐՈՒ հոգեպարար ընթերցումով, մենք կրցանք քիչ մը աւելի թափանցել քու հարուստ ներաշխարհիդ խորախորհուրդ ծալքերէն ներս, աւելի լաւ հասկնալ ու գնահատել բացառիկ անձդ, որուն սիրտը մշտապէս բաբախեց մեծ ՍԻՐՈվԸ մեր ժողովուրդին ու հայրենիքին, ՊԱՇՏԱՄՈԻՆՔՈվԸ հայ գիր ու գրականութեան, ՀԱՅ ՀՈԳԻԻՆ:

Յաւերժ լո յս ու օրհնութի ւն քու յիշատակիդ, վԱՐՁՔԸ ԿԱՏԱՐ այս արժէքաւոր հատորը կազմող ու խմբագրող Արամ Սեփեթճեանին, ինչպէս նաեւ զայն հրատարակելու յանձնառութիւնը ի կատար ածող Ցոլակ եւ Շաքէ Ապտալեաններուն:

ԵՐԱՆ ԳՈԻՅՈԻՄՃԵԱՆ

Նիկռսիա, Կիպրոս

Ռամկավար Մամուլ 

Scroll Up