ՀՀ ՍՓՅՈՒՌՔԻ ՆԱԽԱՐԱՐՈՒԹՅՈՒՆԸ 5 ՏԱՐԵԿԱՆ Է

Յարգարժա´ն տիկին նախարար.
«Արձագանգ» պարբերաթերթի խմբագրութեան անունով շնորհակալութիւն կը յայտնեմ մեր վարչութեան նոր կազմի ընտրութեան առթիւ Ձեր ուղարկած շնորհաւորական գրութեան համար:
Խորապէս զգացուած ենք Ձեր գնահատանքի խօսքերէն եւ ջերմ մաղթանքներէն, որոնք մեզ կը մղեն նոր եռանդով շարունակելու «Արձագանգ»-ի լոյս ընծայումը:
Անկեղծ զգացումներով կը շնորհաւորենք Ձեզ և Ձեր անձնակազմը Սփիւռքի նախարարութեան հիմնադրութեան հնգամեայ յոբելեանին առթիւ: Անցնող հինգ տարիներուն ընթացքին անգնահատելի է Սփիւռքի նախարարութեան կատարած հսկայական աշխատանքը ի նպաստ Հայաստան-Սփիւռք կապերու առաւել ամրապնդման եւ զարգացման: Ձեր նախարարութեան իրականացուցած զանազան ծրագիրներուն շնորհիւ սփիւռքահայ երիտասարդներ կը կապուին Մայր Հայրենիքին ու աւելի գիտակից կը դառնան իրենց հայ ինքնութեան:
Ձեզի կը մաղթենք առողջութիւն և նորանոր ձեռքբերումներ Ձեր պատասխանատու ու հայրենանպաստ գործունէութեանց ծիրին մէջ:
Ջերմ զգացումներով եւ յարգանօք՝
ՄԱՐԱԼ ՍԻՄՍԱՐ
Պատասխանատու-խմբագիր «Արձագանգ» երկամսեայի