ՀՀ ՍՓՅՈՒՌՔԻ ՆԱԽԱՐԱՐՈՒԹՅՈՒՆԸ 5 ՏԱՐԵԿԱՆ Է

Յարգելի հայրենակիցներ,

 Անվարանօրէն կարելի է ըսել ու հաստատել, թէ Սփիւռքի նախարարութիւնը սփիւռքահայուն ապահով հասցէն է Հայաստանի մէջ, որ հինգ տարիներէ ի վեր ազգանուէր գործ կը կատարէ Հայրենիք-Սփիւռք կապերու ընդլայնման ու խորացման առնչութեամբ: Հայկական ամէն բնագաւառներէ ներսՍփիւռքի նախարարութիւնը կամուրջներ հաստատած է յաջողապէս եւ իր  ծրագիրներով սփիւռքահայուն առիթը ընծայած է սիրելու իր պապենական հայրենիքը եւ կառչելու անոր, իսկ հայկական գաղութներուն մէջ ազգային ինքնութեան պահպանման ու արմատաւորման համար ոչ մէկ ճիգ խնայած է իրաւամբ: Եւ անոր լաւագոյն ապացոյցը կը հանդիսանայ «Արի Տուն» ծրագիրը, որուն քաղցր պտուղը վայելելու բախտաւորութիւնը ունեցանք այս ամառ, երբ մեր աշակերտները առիթը ունեցան մասնակցելու այդ ծրագրին, օգտուելու անոր ընծայած դասաւանդութիւններէն, պտոյտներէն, հայրենիքին ծանօթացնող, մօտեցնող եւ անոր հետ սերտ կապեր ստեղծող, ինչպէս նաեւ սփիւռքահայ զանազան ափերէ ժամանած հայորդիներու հետ բարեկամանալու հնարաւորութիւններէն:

1 հոկտեմբեր 2008-ին ծնունդ առած Սփիւռքի նախարարութիւնը ոչ միայն կը կամրջէ Սփիւռքն ու Հայաստանը, այլ նաեւ կը նպաստէ հայկական գաղութներէն  ներս կատարուող գործունէութիւններուն, կ’աշխուժացնէ զանոնք եւ անոնց կու տայ նոր ուժ, նոր լոյս եւ նոր յոյս:

Այս պետական կառոյցին ստեղծումը շատ անհրաժեշտ էր համահայկական կեանքի շրջանակէն ներս համագործակցութեան ձեւաւորման առումով։ Հետեւաբար, հայկական գաղութներու համախմբման ու անոնց մօտ հայրենաշունչ մտածողութեան զարգացման ի խնդիր Սփիւռքի նախարարութեան տարած աշխատանքները մեծապէս գնահատելի են:

Հինգամեայ Սփիւռքի նախարարութիւնը թէեւ նորափթիթ է, բայց ան շատ արագ ծաղկեցաւ եւ իր բուրմունքը տարածեց դէպի բոլոր գաղութները՝ հայրենական շունչով ջերմացնելով բոլոր        սփիւռքահայերուն հոգիները:

Իր հիմնադրութեան 5-րդ տարեդարձին առիթով կը շնորհաւորենք Սփիւռքի նախարարութիւնը եւ անոր անխոնջ նախարար Տիկին Հրանոյշ Յակոբեանը, որուն անմնացորդ նուիրումին եւ տարած ջանքերուն շնորհիւ այսօր նախարարութիւնը հասած է հայկական բոլոր հեռաւոր ու մօտաւոր գաղութները եւ Սփիւռքի տարածքին հսկայական գործունէութիւն յաջողած է ծաւալել, որուն համար սրտանց կ’ողջունենք ձեզ:

 Բարի երթ դէպի նորանոր փայլուն ամեակներ. ձեր ճանապարհը մնայ միշտ դալար:

Ռիթա Պոյաճեան

Տնօրէնուհի Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքութեան 

Ս.ԽաչՀարպոյեան բարձ. վարժարան

Լիբանան

 

Scroll Up