ՀՀ ՍՓՅՈՒՌՔԻ ՆԱԽԱՐԱՐՈՒԹՅՈՒՆԸ 5 ՏԱՐԵԿԱՆ Է. ՀՐԱՆՈՅՇ ՅԱԿՈԲԵԱՆ ԵՒ ԱՆՑՆՈՂ ՀԻՆԳ ՏԱՐԻՆԵՐԸ

Հրեշտակ հոլաթեւ, երկնառաք պարգեւ, Սփիւռքի բոլոր հայեր, հնգամեայ սպառիչ առօրեային մէջ,  միլիոններով մարդ անխտիր, Նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի գլխաւորութեամբ սրտի տրոփիւնով անձկութեամբ ու ակնկալութեամբ,  յոյսով քու գալստեանդ կը սպասէին:

Այս սուրբ յոյսը կը ջնարակուէր մանաւանդ այն հոգեպարար իրականութենէն թէ արտասահմանի հետ կապերէն բխած ճառագայթ մը պիտի ըլլայիր ու մեզի պիտի հասնէիր լուսացնցուղ ոսպնեակներէն:

Այո՛,  հոլաթեւ հրեշտակ, դուն, աստուածատուր երկնառաք պարգեւն ես, որ կուգաս հիմա գգուելու Հայաստանի մայրական հոգին, ընկերակցելու մայր հողին, մանկունակ սրտին,  խինդ ու ծիծաղ սփռելու վշտաբոյր հայրենիքի մը մանկունակ սրտէն ներս բոլորին անմոռաց յիշատակներուն վրայ:

Ու երբ կ՛երեւակայեմ թէ մերձաւորներս կը հսկեն,  կը ժպտին, կը ներշնչեն քեզ, ու կը նետուիս անդրանիկ քայլերուդ լուսաշաւիղ  արահետներէ՝ առաջնորդելու սուրբ պաշտօնին, միթէ կրնա՞մ չյուսալ, թէ ողջ Հայաստանի հոգին պիտի վերերեւի քու մէջ, սուրբ մանկիկ, չքնաղ առաքինութիւններով երփնազարդ:

Մեզի նման առաջին օրէն իսկ այբբենարանի պէս Հայաստանը ձեռք առնող եւ ծերանալու ուղիին վրայ նոյն պատուական եւ պանծալի ժողովուրդն ու երկիրն ի ձեւին,  իմացական սնունդը անոր մէջ փնտռող եւ գտնող միլիոններ,  հիմա հանգիստ ու գոհունակ սրտով կրնան սպասել եւ թէ իրենք կրնան անցնիլ, բայց Սփիւռքի Նախարարութիւնը կրնայ Հրանոյշ Յակոբեանի հովանաւորութեան ներքեւ մնալ:

Մեր այս ցանկութեան եւ սուրբ մաղթանքին կորիզն ես,  դուն փոքրիկն, հնգամեայ նորածին. կը հակեմ կաթոգին սուրբ եւ անբիծ ճակտիդ եւ եղբայրական համբոյրս կը դրոշմեմ հոն, սրտագին բարեմաղթութիւններուս եւ աղօթքի մրմունջներուս խունկն ու կնդրուկը կը նուիրեմ քեզ:

Աստուած ամուր ձեռքովը պահէ քեզ,  մանկիկդ սուրբ:

Աստուած պահէ Սփիւռքի այս Նախարարութիւնը եւ արժանի ընէ զայն դարադարձներ տօնելու Հայաստան անունին եւ Հրանոյշ Յակոբեաններու շառաւիղներուն հովանիին ներքեւ: 

ԿԱՐՊԻՍ  Ե. ՄՈՒՐԱՏԵԱՆ  (Մարմարա օրաթերթի քրոնիկագիր)

Scroll Up