Պարբերաբար Հալէպ կը հասնի կենսական բոլոր տեսակի նիւթեր

Քանի մը օրէ ի վեր Հալեպի մէջ կենցաղային պայմանները կրկին վատացած էր: Նկատի առնելով, դէպի Հալէպ մուտքի ուղին, որ կ’օգտագործուէր բնակչութեան սնունդ եւ վառելանիւթ մատակարարելու համար, կրկին բախումներու կիզակետի մէջ ըլլալով քաղաքին սննդամթերքով ապահովման դժուարութիւններ յառաջացուց:
Սուրիական բանակը այսօր կրցաւ ճամբան՝ Խանասերի շրջանը որ Հալէպ կը կապէ դուրսի աշխարհին, իր հակակշռին տակ առնել: Արդարեւ պարբերաբար Հալէպ մուտք կը գործէ բեռնաւորուած հարիւրաւոր բեռնակարգեր: Նշենք, որ կառավարութիւնը կարելին կ’ընէ կացութիւնը բնականոն վիճակին վերադարձնելու:

Այս մասին կը յայտնէ  PERIO NEWS-ի Facebook-եան էջը:

Scroll Up