Այնճար Ժամանած Քեսապահայ Աշակերտներ Ազգային Վարժարան կը Յաճախեն

Անցնող երկու օրերուն Այնճար ժամանելով Քեսապահայ աշակերտներ, սկսան յաճախել վարժարանս,որոնք հայկական հարազատ միջավայրի մէջ գտնուելով, անմիջապէս ընտելացան մթնոլորտին ու մտերմացան իրենց դասընկերներուն հետ: Այս մասին կը յայտնէ Այնճարի ազգային վարժարանի կայքը։
Աղբիւրի համաձայն, անոնք վարժարանի եւ իրենց նոր դասընկերներուն զօրակցութեամբ վճռակամ են՝ իրենցմէ խլուած ուսումնական առօրեան եւ ժամանակը պայքարունակ ջանասիրութեամբ վաստկելու եւ վերականգնելու: