Շէն-Ֆրանսայի տարեկան տօնավաճառը բացարձակ յաջողութիւն արձանագրեց
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2013/12/g_image-1.jpg)
Ինչպէս արդէն աւանդութիւն դարձած է, այս տարի եւս «Շէն-Ֆրանսա»ն, Փարիզեան շրջանի Սեւր քաղաքը գտնուող Մխիթարեան վարժարանի շրջափակին մէջ, երկու օրերու վրայ երկարած (Նոյեմբեր 30 – Դեկտեմբեր 1) կազմակերպած էր իր տարեկան տօնավաճառը։ Այս ձեռնարկը մօտալուտ տօնական օրերուն առթիւ Փարիզի եւ շրջակայքի հայութեան համար հայկական ոգիով նուէրներ գնելու լաւագոյն առիթը կը հանդիսանայ։ Աւելի՛ն, ան ձեւով մը հոգեկան կապ կը ստեղծէ Հայաստանի հետ, նկատի ունենալով որ հոն հայ արհեստաւորներու ձեռամբ իրագործուած աշխատանքներն են՝ ձեռագործ արծաթեղէն եւ գոհարեղէն, նկարչական գործեր, արձաններ եւ զանազան այլ իրեր, առարկաներ ու գիւղացիներուն արտադրանքները՝ չոր պտուղ… որ կը դրուին վաճառքի, ինչ որ միաժամանակ տնտեսական նպաստ մըն է Հայաստանի մէջ դժուար պայմաններու մէջ գոյատեւող աշխատունակ ուժերուն։
Հայաստանեան արտադրանքներուն կողքին, տօնավաճառը լայն տեղ կու տայ նաեւ գիրքերուն։ Ներկայ էին նաեւ հրատարակութեանց հեղինակները՝ մակագրութեան համար, ինչպէս Թալին Տէր-Մինասեան, Հուրի Վարժապետեան, Գլօտ Մութաֆեան, Փասքալ Մանուկեան, Հրանդ Նորշէն, Յասմիկ Շահինեան, եւայլք։
Կարեւոր է ընդգծել՝ Հայաստանի օգնութեան արշաւը անկարելի է իրագործել առանց համոզումի, առանց նուիրումի։ Շէնի եւ տօնավաճառի կազմակերպիչներուն անձնական ներդրումը ինքնին աւելի մեծ դրամագլուխ մըն է, որ առիթ կ՚ընծայէ ընկերային ջերմ մթնոլորտ ստեղծելու եւ տօնավաճառի այս երկու օրերը վերածելու փարիզահայութեան ընկերային ժամադրավայրին։
Տօնավաճառը ունի նաեւ իր Շաբաթ երեկոյեան ճաշը՝ Սեւրի Աքուա նոթիք-ի սրահին մէջ, որուն ներկայ գտնուեցան շուրջ 220 հոգի։ Երեկոյթը ձեռնհասօրէն վարեց Յովհաննէս Քիւլչէեան, իսկ Հայկ Թուֆանեան ներկայացուց Շէն-Ֆրանսայի հայաստանեան գործունէութիւնը։ Գեղարուեստական բաժնին ելոյթ ունեցաւ Շաւիլի եկեղեցւոյ երգչախումբին երգէոնահար՝ Կարինէ Պետրոսեանը, որ ստեղծեց խանդավառ եւ ուրախ մթնոլորտ մը։
Յայտնենք, թէ այս տարուան վաճառքի ընդհանուր գումարը եղած է մօտ 80 հազար եւրօ, որուն 70 տոկոսը կը ներկայացնէ ծախուած ապրանքներու ինքնարժէքը։
«Նոր Յառաջ»