ԹՈՒՐՔԻԱՅԷՆ ՀԱՅ ԼՐԱԳՐՈՂ ՄԸ ՊԵԼՃԻՔԱ ԱՊԱՍՏԱՆԱԾ Է

Թրքական «Այ­քը­րը տող­րուլար» առ­ցանց թեր­թը կը գրէ, թէ հայ լրագ­րող մը՝ Ճեւաթ Սի­նէթ, որ Թուրքիոյ մէջ բազ­մա­թիւ ճնշումնե­րու եւ սպառ­նա­լիք­նե­րու են­թարկուած է, քա­ղաքա­կան ապաս­տա­նի դի­մում ներկայացուցած է Պել­ճի­քայի, ուր հա­սած է իր կնոջ եւ նո­րածի­նին հետ: Լրագ­րո­ղը թի­րախ առ­նող այս հա­լածանքնե­րուն պատ­ճառն է հայ երի­տասարդ Սե­ւակ Պա­լըք­ճըի՝  զի­նուո­րական իր ծա­ռայու­թեան ըն­թացքին 2011 Ապ­րիլ 24ին թուրք զի­նուո­րի մը կող­մէ սպա­նու­թեան մա­սին իր կա­տարած բա­ցայայ­տումները:

Նոր Յառաջ

Scroll Up