(Արևմտահայերեն) Առաջին անգամ ըլլալով` Իրանի հաւաքականի խումբի աւագ նշանակուած է` հայ քրիստոնեայ

Հայերն Այսօրի տեղեկացմամբ իրանական կայքը կը յայտնէ, որ առաջին անգամ ըլլալով, Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան ֆութպոլի հաւաքականի խումբի աւագ նշանակուած է հայ tg’bjԱնդօ Թէյմուրեան:

Թէյմուրեան  32  տարեկան է, իրեն յանձնարարուած է Իրանի հաւաքականը հզօրացնելու պարտականութիւնը :

Իրանի հաւաքականը ըստ ՖԻՖԱ-ի հրատարակած աղիւսակին աշխարհի լաւագոյն 40 խումբերէն մէկն է:

Թէյմուրեան իր հպարտանքն ու ուրախութիւնը  յայտնած է  նման պարտականութիւն ստանձնելու համար:

Չմոռնանք յիշեցնելու, որ Իրան ունի մեծ հայկական գաղութ,  ունի ներկայացուցիչներ խորհրադարանին մէջ, ինչպէս նաեւ լաւ յարաբերութիւններ Հայաստանի Հանրապետութեան հետ:

Scroll Up