Հայկական Երաժշտութեան Շաբաթ Նիսի Երաժշտանոցին ՄԷջ

Այս տարի Ֆրանսայի հարաւային քաղաքներէն մէկուն` Նիսի մէջ, գարունը եկաւ հայկական տաքուկ եւ տարատեսակ ռիթմերու ներքոյ: Տարածաշրջանի ճանչցուած երաժշտանոցին մէջ յայտարարուած էր հայկական երաժշտութեան շաբաթ:

Ինչպէս «Հայերն այսօր»-ին կը  հաղորդէ «Ալիանս համահայկական միութեան» նախագահ Մարինա Պետրոսեան, հմայուած մեր աւանդական գործիքի` տուտուկի ձայնով, երաժշտանոցի հոպոյի ուսուցչուհի Շառլոթ Պուշէի նախաձեռնութեամբ եւ տնօրէն Տիեղի Մուլլերի ջանքերով թէ՛ աշակերտները, թէ՛ ուսուցիչներն ու երաժշտասէր ողջ հանրութիւնը մասնակից եւ ականատես եղան բազմաթիւ համերգներու, դասախօսութիւններու, վարպետութեան դասընթացներու, որոնց առանցքին մէջ միայն հայ երգահաններու ստեղծագործութիւններն էին եւ հայկական մեղեդիները:

Հնարաւոր չէ գրիչի միջոցով ներկայացնել այն խանդավառութիւնը, որ կը տիրէր անցած շաբաթ այս հաստատութենէն ներս, որուն կեդրոնական նախասրահին մէջ ստեղծուած էր նաեւ հայկական անկիւն` ազգային երաժշտական գործիքներով եւ պարային ասեղնագործ հագուստներով:

Հայկական երաժշտութեան շաբթուան պատուաւոր հիւրերն ու գործող մասնագէտներն էին երաժշտագէտ, դաշնակահար, խմբավար, Ռոման քաղաքի երաժշտանոցի նախկին տնօրէն Ալեքսանտր Սիրանոսեան, Ռոմանի երաժշտանոցի տուտուկի ուսուցիչ, ճանչցուած տուտուկահար Լեւոն Չատիկեան, որուն տուտուկի քնքուշ ձայնը եւ մասնագիտական խորհուրդները դեռ երկար կը մնան հանդիսատեսի եւ երաժշտասէր աշակերտներու յուշերուն մէջ: Ողջ շաբթուան ընթացքին ան մեր աւանդական տուտուկով կը նուագակցէր գրեթէ բոլոր երաժշտական գործիքներու կատարումներու ժամանակ: Նախաձեռնութենէն ոգեւորուած` երաժշտանոցի նուագախումբի ղեկավար Ֆիլիփ Տուլաթը գրած էր  նոր ստեղծագործութիւն մը, որուն անդրանիկ կատարումը մեծ տպաւորութիւն գործեց հանդիսատեսին վրայ:

Շաբթուան դասական ծրագիրը լրացնելու  եկած էին նաեւ «Վարպետ» ֆրանսական ազգային նուագախումբը (գեղ. ղեկավար Լ. Չատիկեան), երգչուհի Նելլի Եղիազարեան եւ «Նայիրի» պարախումբը (գեղ. ղեկավար Մակի Ճէորճեան):

Հայկական երաժշտութեան շաբթուան ծիրէն ներս  կայացած համերգին ընթացքին աւելի քան 2000 հանդիսատես ծանօթացան հայկական երաժշտութեան, սիրեցին եւ գնահատեցին հայ ժողովուրդի պատմութիւնը, մշակութային հարստութիւնը եւ հայկական լեռնաշխարհի պատմամշակութային տաճարները, որոնց պատկերները ցուցադրուած էին համերգային ծրագիրի ողջ ընթացքին:

Ծրագիրը լիարժէք չէր ըլլար, եթէ մեր երաժշտական արուեստը չզուգորդուէր հայկական նրբահամ խոհանոցային արուեստով: Հանդիսատեսը ճաշակեց աւանդական ուտեստներ, որոնք պատրաստած էին «Ալիանս համահայկական միութեան» կանայք: Անուշեղէնի վաճառքէն ստացուած գումարը միութիւնը պիտի յատկացնէ Արցախի հիւանդանոցներուն եւ դպրոցներուն:

Համերգային շաբաթը ամփոփուեցաւ կիրակի օրը` Նիսի նաւահանգիստին մէջ գտնուող եկեղեցւոյ մէջ` «Հարմոնիա» փողային նուագախումբի համերգով (գեղ. ղեկավար Ֆրանսուա Լըքլերսի), որ արժանի է բարձր գնահատականի:

%d5%b6%d5%ab%d6%81%d6%81%d5%a1%d5%b6%d5%ab%d6%81%d6%81%d5%a11

Scroll Up