Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Միացեալ Նահանգներու Կեդրոնական Դրամատան Աւագ Խորհրդատու Սարգիս Եողուրթճեանը
Երէկ առաւօտ, Պիքֆայայի վանքին մէջ Արամ Ա. կաթողիկոս ընդունեց Միացեալ Նահանգներու Կեդրոնական դրամատան աւագ խորհրդատու Սարգիս Եողուրթճեանը:
Լիբանան ծնած եւ իր համալսարանական ուսումը Միացեալ Նահանգներու մէջ ստացած Սարգիս Եողուրթճեան աւելի քան 30 տարիներէ ի վեր կարեւոր պաշտօններ կը վարէ տնտեսական մարզին մէջ: Արդարեւ, Միացեալ Նահանգներու Կեդրոնական դրամատան մէջ իր ստանձնած կարեւոր պատասխանատուութեան առընթեր, ան անդամ է Միացեալ Նահանգներու Դրամատուներու վերահսկիչ յանձնախումբին, խորհրդատու` Միջազգային դրամական ֆոնտին եւ ատենապետ` Միջին Արեւելքի եւ Ափրիկէի Դրամատուներու վերահսկիչ մարմինին: Ան նաեւ մեծապէս օգտակար եղած է Հայաստանի անկախացումէն ետք Հայաստանի դրամատնային նոր համակարգի վերահաստատման:
Վեհափառ հայրապետին հետ հանդիպումը առիթ մը եղաւ խօսելու առաւելաբար մեր ազգային կեանքին առնչուած նիւթերու եւ Հայաստան-սփիւռք յարաբերութեան մասին:
«Ազդակ»