Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութիւնը Կ՚ողջունէ Հռոմի Պապին Խիզախ Յայտարարութիւնը Հայոց Ցեղասպանութեան Առնչութեամբ
Կաթողիկէ Եկեղեցիի Հովուապետ Պապ Ֆրանսիս, պատմութիւն արձանագրեց Կիրակի, Ապրիլ 12-ին, երբ Թուրք Օսմանեան Կայսրութեան կողմէ կատարուած Հայերու ջարդը՝ 20-րդ դարու սեմին, «Ցեղասպանութիւն» կոչեց։
Հայոց Ցեղասպանութեան 100րդ տարեդարձին առթիւ Վատիկանի Տաճառին մէջ իր տուած պատգամի ընթացքին, Հռոմի Պապը Հայ ազգին հանդէպ եղած այս ոճիռը՝ իրենց պատմական հողերուն վրայ, հռչակեց՝ «20րդ դարու առաջին Ցեղասպանութիւնը»։
Անդրադառնալով Հայ ժողովուրդի մէկ դարու անչափելի եւ անգութ ցաւին եւ տառապանքին, Ֆրանսիս Պապը ըսաւ թէ «ծածկելյանցանքը, կընշանակէթողուլ, որվէրքըարիւնահոսի»։
Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութիւնը կ՚ողջունէ Կաթողիկէ Եկեղեցիի Հովուապետ՝ Պապ Ֆրանսիսի բարոյական այս բարձր կեցուածքը, աղօթելով որ անոր բոլոր ջանքերը՝ ուղղուած միջազգային ճանաչումին եւ մարդոց հանդէպ գործուած ոճիռներու դատապարտման, պիտի առաջնորդեն որ աշխարհը դառնայ ապահով վայր մը, իսկ մարդկութիւնը վայելէ խաղաղ հանգրուաններ։
Զաւէն Խանճեան՝Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան Գործադիր Տնօրէնը, այս առընչութեամբ յայտարարեց՝ «Ընկերակցութիւնը կը յուսայ, թէ անցեալի եւ ներկայի մարդկային ողբերգութիւններու պատասխանատուութեանց գիտակցութիւնը համաշխարհային առաջնորդներու կողմէ, պիտի օգնեն շիջել կրակը շարունակական հոգեվարքի եւ ցաւի, եւ վերջ պիտի տան այն բոլոր վայրագութիւններուն, որոնք տակաւին կը շարունակուին աշխարհի վրայ ամէն կողմ, եւ մասնաւորապէս անհանդուրժելի այն տառապանքը որու կ’ենթարկուին բոլոր այն համայնքները, որոնք կը կազմեն հնագոյն մարդոց խճանկարը բնութագրող Սուրիոյ ժողովուրդին մէջ։