ՀՀ սփիւռքի նախարարը հարցազրոյց տուաւ BBC հեռուստաընկերութեան նկարահանող խումբին
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2015/04/bbc.jpg)
Ապրիլ 16-ին ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան հարցազրոյց տուաւ BBC հեռուստաընկերութեան նկարահանող խումբին, որ Հայաստանի մէջ կը գտնուի Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի առթիւ BBC հեռուստաընկերութեան համար Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի պատմութեան ու ներկայի վերաբերեալ հաղորդաշար պատրաստելու նպատակով:
Սփիւռքի նախարարին ուղղուած հարցերը կը վերաբերէին Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւններուն, Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի նշման խորհուրդին ու նշանակութեան, Հայաստանի մէջ հաստատուած սուրիահայութեան խնդիրներուն եւ անոնց հանդէպ տարուող պետական քաղաքականութեան ու իրականացուող ծրագիրներուն: