Հակասութիւններ Եւ Ներքին- Արտաքին Առնչութիւններ

Պաքուի ղեկավարին նորագոյն յոխորտանքներուն անդրադառնալու անհրաժեշտութիւն չէր զգացուեր, եթէ կարեւոր հանգամանք մը վերլուծման փորձ կատարողին համար ինքզինք տիրական ձեւով զգալի չդարձնէր: Ազրպէյճանի նախագահին յոխորտանքները անշուշտ ուղղորդուած էին Մոսկուայի կողմէ նկատառելի ծաւալով կատարուած զինավաճառքին եւ սպառազինութեան նոր ոստումին:

Եւ բնական է անշուշտ, որ հայկական դաշտին համար առնուազն մտահոգիչ նկատուէր երեւոյթը կրկնակի իմաստով: Նախ հակառակորդին ռազմականացումին նոր աստիճանաչափի նուաճումը, երկրորդ զինուժի մատակարարին հանգամանքը: Ի վերջոյ Հայաստանի Հանրապետութեան գլխաւոր եւ առանձնաշնորհեալ ռազմավարական գործընկերն էր, որ առեւտրական հսկայական գործարքներով կ՛առնչուէր Հայաստանի Հանրապետութեան գոյութիւնը չընդունող Ազրպէյճանին հետ:

Ռուսական դիրքորոշումներու այս ելեւէջները եւս զգայացունց իբրեւ նորութիւն պէտք չէ ընկալել, մեկնած քաղաքական գործնապաշտութեան կիրարկուող տեսութենէն եւ մանաւանդ նախընթաց օրինակներէն: Պարզապէս, այս անգամուան հրապարակուած ծաւալներն են, որոնք կը ցուցադրուին,  ռազմական շքերթներ կը կազմակերպուին եւ Ալիեւը իր յոխորտանքներուն եւ ռազմատենչ հռետորաբանութեան նոր թափ կու տայ, ընդհուպ մինչեւ իր բանակին հրահանգելով Հայաստանի Հանրապետութեան դէմ պատերազմի նախապատրաստուիլ:

Զուգահեռ, Երեւանը օդուժի վարժողական ծրագիրներ կը ցուցադրէ, որուն ուղերձը պատերազմին պատրաստ եւ համարժէք պատասխանելու կարողականութեան փաստն է, որուն հետ հաշուի պէտք է նստի Ազրպէյճան` արկածախնդրական որեւէ քայլի դիմելէ առաջ:

Ալիեւեան յոխորտանքները կրնան դիտարկուիլ ներազրպէյճանական սպառումի տրամաբանութեան սահմաններուն մէջ, յատկապէս նախընտրական արշաւի շարժառիթներով: Խնդիրը սակայն այլ մեկնաբանութեան կ՛ենթարկուի:

Եռանախագահները ոչ շատ առաջ ցաւ ու ափսոսանք յայտնելէ ետք, որ արցախեան հարցի լուծումը անվերջ կը ձգձգուի, վերընդգծած էին համաձայնեցուած երեք սկզբունքները.-տարածքային ամբողջականութեան, ազգերու ինքնորոշման իրաւունքի եւ ուժի կիրարկման բացառման  (ընդգծումը` մեզմէ):

Պարզ է, որ այս երեք սկզբունքները ամբողջական հասկացողութիւն կ՛ենթադրեն եւ որեւէ մէկը անջատ տրամաբանութեան մէջ չընկալուիր եւ չի գերադասուիր, հակառակ անոր որ առաջնահերթութեան կարգը որոշ ուղերձ կը փոխանցէ: Ուրեմն, Ալիեւի կողմէ նախապատերազմական իրավիճակի խաբկանք ստեղծելը ուղղակի կը հակադրուի երրորդ սկզբունքին: Եւ եթէ ռուսական զինուժը կ՛օգտագործուի այս յոխորտանքներուն թափ տալուն կամ թէական պատերազմի նախապատրաստութեան, ռուսական կողմը ինքնահակասական ընթացքի մէջ է պարզապէս:

Խորապէս մտահոգիչ է Ռուսիա-Ազրպէյճան զէնքերու վաճառքին տարողութիւնը: Այս մտահոգութեան բարձրաձայնման զուգահեռ սակայն, հայկական քաղաքական եւ լրագրական դաշտը կրնար ընդգծել վերը նշուած եւ այլ կարեւոր հակասութիւններ:  Պաքուն ունի ստանալիք այլ ուղերձ մը եւս. եթէ յստակ է, որ երեք սկզբունքները մէկ ամբողջական հասկացողութեան զամբիւղի մէջ պէտք է ընկալել, ուրեմն ուժի կիրարկման բացառումը մերժելով Պաքուն մերժած կ՛ըլլայ նաեւ իր կողմէ շատ փայփայուած տարածքային ամբողջականութեան պահպանման սկզբունքը:

Պահ մը կանգ առնենք պատերազմի վերսկսման հաւանականութեան վրայ, նկատելով Ալիեւի յիշեցումը ,թէ աւարտած է պարզապէս պատերազմի առաջին փուլը եւ ոչ թէ պատերազմը: Պատերազմի իւրաքանչիւր փուլ թէ ընդհանրապէս ամբողջ ընթացքը կ՛որոշուի ոչ թէ զինուորներու թիւով եւ ռազմական արհեստագիտութեան յագեցուածութեամբ, այլ մարտունակութեամբ: Մարտունակութեան գերակայութիւնը հայկական կողմին է:

Մարտունակութիւնը սերտօրէն կապուած է հասարակութեան բարոյահոգեբանական վիճակին հետ: Այդ վիճակը, իր կարգին, երկրին մէջ տիրող արդար հասարակարգին հետ: Իր երկրին մէջ մնալու եւ իր երկրի սահմանները պաշտպանելու կոչուած մարդը կը բազմապատկէ իր տրամադրուածութիւնն ու նուիրուածութիւնը, եթէ տեսնէ, որ կայացման ընթացքին մէջ է իր երկիրը: Այս դիտակէտէն ալ մեկնած Հայաստանի ներպետական վերջին զարգացումները, Վերահսկիչ պալատի բացայայտումները, նախագահի դիտողութիւնները, հաշուետուութեան անհրաժեշտութեան ընդգծումները կրնան արդիւնաւորուիլ, եթէ իրողապէս նկատուի ինքնակառուցողականութեան եւ ինքնասրբագրման ուղղուածութիւնը: Իսկ այս առաջնային խնդիրը, եթէ ընդունինք, որ բարոյահոգեբանական վիճակի եւ մարտունակութեան բարձրացման հետ սերտ աղերս ունի, ապա անիկա կը ստանայ ազգային անվտանգութեան տեսակէտէն ռազմավարական նշանակութիւն:

«Ազդակ»

Scroll Up