Սուրբ Կիրակոս հայկական եկեղեցիին Եւրոպայի մէջ հեղինակաւոր մրցանակ շնորհուած է

Տիարպեքիրի Սուրբ Կիրակոս հայկական եկեղեցիին եւրոպական մշակութային ժառանգութեան ամենահեղինակաւոր` «Եւրոպայի միութեան մշակութային ժառանգութիւն» մրցանակը  շնորհուած է:

Ինչպէս կը տեղեկացնէ թրքական Haberler կայքը, կը գրէ Արցախփրէսը, Սուրբ Կիրակոս եկեղեցւոյ հիմնադրամի ղեկավար Էրկիւն Այըքը նշած է, որ մրցանակը իրենց շատ յուզած է:

«Մեր պապերու հոգիներուն ունեցած մեր պարտքը որոշ չափով վճարեցինք»,- ըսած է ան:

Մրցանակը եկեղեցւոյ շնորհուած է «Պահպանութիւն» անուանակարգին մէջ:

14-րդ դարուն կառուցուած, սակայն հայերու տեղահանութենէն յետոյ լքուած եկեղեցին կիսով չափ աւերուած էր, սակայն 2011 թուականին վերակառուցուած եւ վերաբացուած է իբրեւ հայկական եկեղեցի:

Իբրեւ եկեղեցւոյ մրցանակի արժանացնելու դրդապատճառ` նշուած է «Եկեղեցւոյ վերակառուցման համար տեղի իշխանութեան եւ հայ համայնքի ջանքերը»:

Scroll Up