Նիքոսիոյ հայկական եկեղեցին «ԵՄ մշակութային ժառանգութիւն» մրցանակ ստացած է

Կիպրոսի մայրաքաղաք Նիքոսիոյ հայկական եկեղեցին Europa Nostra կազմակերպութեան հեղինակաւոր մրցանակին  արժանացած է: Այս կազմակերպութիւնը կը ներկայացնէ այն քաղաքացիները, որոնք շահագրգռուած են Եւրոպայի մշակութային եւ բնական ժառանգութեան պահպանմամբ, կը գրէ NEWS.am-ը:

Ըստ Cyprus Mail-ի, Եւրոյանձնաժողովը ու Europa Nostra-ն Ապրիլ 14-ին հրապարակած են «Եւրոմիութեան մշակութային ժառանգութիւն» անուանակարգի յաղթողը, որ այդ ոլորտին մէջ Եւրոպայի ամենահեղինակաւոր մրցանակն է:

Պարգեւատրումը պիտի կայանայ Յունիս 11-ին, Օսլոյի մէջ: Արարողութեան ժամանակ յաղթողներէն 7-ին կրան-փրիի դափնեկիր կը յայտարարեն եւ իւրաքանչիւրին 10 հազար եւրօ կը յանձնեն, իսկ անոնցմէ մէկը առցանց-քուէարկութեան արդիւնքով կ’արժանանայ «Հասարակութեան ընտրութիւն» մրցանակին:

Scroll Up