Վատիկանի Կայքը Թուրք Կայքահէններու Թիրախ Դարձած է
Թուրք կայքահէնները Ապրիլ 13-ին կոտրած են Վատիկանի կայքը, երբ Հռոմի Պապը Օսմանեան կայսրութեան մէջ հայերու ջարդերը Ցեղասպանութիւն որակած է:
Ըստ News.am-ի՝ The Hill-ը, Vatican.va կայքերը կը գրեն, որ Երկուշաբթի կայքահէնային յարձակման ենթարկուած է Վատիկանի կայքը, սակայն Երեքշաբթի առաւօտեան արդէն բանականոն գործած է: Թուրք կայքահէնը Twitter-ի մէջ խոստովանած է իր մեղքը եւ պահանջած է, որ Պապը ետ վերցնէ իր բառերը:
Յիշեցնենք, որ Ապրիլ 12-ին Հռոմի Պապը Սուրբ Պետրոսի տաճարին մէջ Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին մատուցած պատարագի ժամանակ յայտարարած էր, որ 20-րդ դարու առաջին ցեղասպանութեան զոհը հայերը եղած են: Աւելի ուշ Անգարան ետ կանչած էր Վատիկանի մէջ իր դեսպանը խորհրդակցութիւններու համար: