Արթուրը բարոյականութիւն էր քաղաքականութեան մէջ

Ապրիլ 14-ը Լեռնային Ղարաբաղի Գերագոյն խորհուրդի առաջին նախագահ, ՀՅԴ անդամ Արթուր Մկրտչեանի յիշատակի օրն է: 23 տարի առաջ այս օրը Արթուրը միացաւ այն անմահներուն, որոնք կոչուած են յաւիտեանս ապրելու ժողովուրդի յիշողութեան մէջ եւ դառնալու մեծագոյն հպարտութիւն` ներկայ ու գալիք սերունդներուն համար, կը գրէ aparaj.am-ը:

Այսօր  Արթուր Մկրտչեանի գերեզմանին ծաղիկներ խոնարհեցին անոր կուսակցական, մարտական ընկերները, հարազատներն ու բոլոր անոնք, որոնք բախտ  ունեցած են ճանչնալու Արթուր Մկրտչեան անձն ու քաղաքական գործիչը:

Ներկայ էին ՀՅԴ Արցախի ԿԿ ներկայացուցիչ Դաւիթ Իշխանեան, ԼՂՀ փոխվարչապետ,  ՀՅԴ ԿԿ անդամ Արթուր Աղաբեկեան, ԼՂՀ Աժ պատգամաւորներ, պաշտօնատար անձիք:

«Արթուր Մկրտչեանը քաղաքականութեան մէջ բարոյականութիւն էր:  Ես, որպէս խորհրդական աշխատելով նրա հետ, տեսայ, թէ ինչպէս է նա մեծ արագութեամբ ընկալում այն մարտահրաւէրները, որոնք արդէն ծեծում էին մեր դուռը: Արթուրի եղերական մահը շատ բան փոխեց, քանզի եթէ դա տեղի չունենար,ապա վստահ եմ`այլ գործընթացներ տեղի կ’ունենային մեր  երկրում…» – մեզ հետ զրոյցին մէջ նշեց Ա.Աղաբեկեան:

«Արթուր Մկրտչեանը  մեր Արցախեան  շարժման  խիղճն էր: Ան մաքուր էր այնպէս, ինչպէս մեր ժողովրդի շարժումը»,- շեշտեց ՀՅԴ անդամ Ռիտա Մնացականեան:

Իսկ  ՀՅԴ ԿԿ անդամ, Ա. Մկրտչեանի գաղափարական ընկեր Լեւոն Հայրեան ըսաւ. «Նա հանճարեղ ու պայծառ դէմք էր մեր իրականութեան մէջ: Իր հանճարեղութեան ու պայծառութեան մէջ հասարակ, բայց միաժամանակ`մեծ եւ հզօր: Ես նրան յաճախ համեմատում եմ Արամ Մանուկեանի հետ, որովհետեւ նրանք երկուսն էլ պետութեան  հիմնադիրներ էին, մէկը`Հայաստանի Հանրապետութեան, միւսը` Արցախի… Եթէ Արթուրն ապրէր, մեր տնտեսական ու քաղաքական կեանքը, համոզուած եմ, միանգամայն այլ մակարդակի վրայ կը լիներ»:

Scroll Up