Վահէ եւ Դանիէլ Եագուպեաններ Գիտական Մրցանակներ Կը Շահին

ՓԱՍԱՏԻՆԱ.- ՀԲԸՄ Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան վարժարանէն եղբայրներ՝ Վահէ եւ Դանիէլ Եագուպեաններ, յաջորդաբար 11րդ եւ 9րդ դասարանի աշակերտներ, այս տարի միացեալ ծրագիրով մը մասնակցած են Լոս Անճելըս գաւառի Գիտութեան եւ ճարտարապետութեան մրցանքին, որ տեղի ունեցած է Մարտ 26-28, Փասատինայի համագումարներու կեդրոնին մէջ։
Ծովու ջուրը արեւու ուժով զտելու եւ ըմպելի դարձնելու առնչուող Եագուպեաններու ծրագիրը արժանացած է նորարարութեանց եւ հնարքի «Միքըլսըն» մրցանակին, որուն կ՛ընկերանայ նաեւ 1000 տոլարի վարձատրութիւն։ Աւելի քան 1000 ծրագիրներ ներկայացուած էին այդ մրցանակին։
Նշեալին կողքին, անոնք շահած են նաեւ «U.S. Stockholm Junior Water Prize» շրջանային մրցանակը, որ ջրային գիտութեանց առնչուող ամենահեղինակաւր մրցանակը կը նկատուի երկրորդական վարժարաններու մակարդակին։ Այս մրցանակին շնորհիւ, Եագուպեանները պիտի մասնակցին անոր նահանգային մրցանքին։

Այս մասին յայտնած է Ասպարեզ:

Scroll Up