Ալմելոյի մէջ ցուցադրուեցաւ «Վանայ ծովուն արշալոյսը» ֆիլմը

Ապրիլ 10-ին Ալմելոյի Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Գալուստ Կիւլպէնկեան սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Վանայ ծովուն արշալոյսը» ֆիլմի ցուցադրումը, որուն ներկայ էին հարիւրաւոր հայրենակիցներ, այս մասին Ալմելոյէն «Հայերն այսօրին» կը տեղեկացնէ Մանուկ Մկրտչեան:
Ֆիլմի ցուցադրումը կազմակերպած եւ հովանաւորած էր ՀՀ սփիւռքի նախարարութիւնը: Ցուցադրումէն առաջ ֆիլմի բեմադրիչ Վահան Ստեփանեան ներկայացուց որոշ մանրամասներ ֆիլմի վերաբերեալ, որմէ ետք կայացաւ դիտումը:
Ֆիլմի ցուցադրումը աւարտեց բուռն ծափահարութիւններով: Ֆիլմի դիտումէն ետք ներկաները բեմադրիչին ուղղեցին բազմաթիւ հարցեր եւ ստացան բաւարար պատասխաններ:
Աւարտին ներկաները իրենց շնորհակալութիւնը յայտնեցին բեմադրիչին` նման ֆիլմ նկարահանելու, եւ կազմակերպիչներուն` ֆիլմի ցուցադրումը հնարաւոր դարձնելու համար: