Քանյէ Ուեսթը երեւանեան համերգի ժամանակ ցատկեց ջուրը. տեսանիւթ, լուսանկարներ

Ամերիկեան յայտնի ռեփ երգիչ, “Գրեմմի”-ի բազմակի դափնեկիր Քանյէ Ուեսթը Երեւանի մէջ կենդանի անվճար համերգ ունեցաւ: Անակնկալ կերպով կազմակերպուած համերգին ներկայ էին հազարաւոր երիտասարդներ, որոնք համերգէն ընդամէնը ժամեր առաջ տեղեկացած էին այդ մասին, կը տեղեկացնէ Armenpress-ը։

Անվճար համերգի մասին “Թուիթեր”-­ի մէջ  գրառում կատարած է Քիմ Քարտաշեան: “Քանյէն Երեւանի մէջ անվճար համերգ կու տայ բոլորի համար: Այսօր կէսգիշերին` Կարապի լիճի մօտ: Կը տեսնուինք այնտեղ››,­ գրած էր ան: Մի քանի ժաման ընթացքին Կարապի լիճի շուրջ հաւաքուեցան աշխարհահռչակ ռեփերի համակիրները:

Համերգը սկսաւ կէսգիշերը անց եւ տեւեց շուրջ կէս ժամ: Այդ ընթացքին Քանյէ Ուեսթը կատարեց իր երգացանկէն մի քանի երգ, իսկ վերջին կատարման ժամանակ ցատկեց ջուրը: Անոր հետեւեցին տասնեակ համակիրներ, ովքեր Կարապի լիճի մէջ կը փորձէին մօտենալ սիրելի երգիչին: Սակայն երգի աւարտին անվտանգութեան աշխատակիցները երգիչը հեռացուցին բեմահարթակէն, եւ յայտարարուեցաւ, որ համերգը աւարտած է:

 

01 02 03 04

Scroll Up