Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» Երաժշտական Քոլեճի 30-ամեակ
Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտանոցը այս տարի ամբողջացուց իր 30-ամեակը: Այս առիթով տարուան ընթացքին կազմակերպուած էին շարք մը ձեռնարկներ, որոնց եզրափակիչ հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ երէկ` երկուշաբթի, 1 յուլիս 2013-ի, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ` երաժշտանոցի ամավերջի հանդէսով:
30 տարիներ շարունակ հայ մշակոյթի պահպանման դժուարին առաքելութեան մէջ պատնէշի վրայ ամուր կանգնած Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտանոցը այս տարի դարձեալ տուաւ իր հունձքը` 4 վկայեալ աշակերտներով:
Նախքան ամավերջի հանդէսին պաշտօնական բացումը, Համազգայինի գեղարուեստի դպրոցներու տնօրէն Կարպիս Գապասագալեան ներկաները հրաւիրեց մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգելու համար յիշատակը Համազգայինի գեղարուեստի դպրոցներու խնամակալութեան նախկին ատենապետ Սերժ Գալուստեանի:
Հանդիսութեան բացումը կատարուեցաւ տեսերիզի մը ցուցադրութեամբ, որուն միջոցով ներկաները վերյիշեցին երաժշտանոցի անցած 30-ամեայ ուղին:
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ երաժշտանոցի տնօրէն Աշոտ Ճեետերեճեան, որ անդրադառնալէ ետք երաժշտանոցի 30-ամեակին, իբրեւ հաշուետուութիւն ներկայացուց 2012-2013 տարեշրջանին տեղի ունեցած ձեռնարկները եւ երաժշտական ունկնդրութիւնները, որոնց իրենց մասնակցութիւնը բերին երաժշտանոցի աշակերտները` ցուցաբերելով բարձր երաժշտական որակ եւ պատրաստուածութիւն:
Աշոտ Ճենտերեճեանի խօսքէն ետք բեմ բարձրացան շրջանաւարտ աշակերտները, որոնք յաջորդաբար ներկայացուցին երաժշտական կտորներ: Այսպէս, Քրիսթոֆ Աուն (աւարտական դասարան) ներկայացուց Պապաճանեանի «Էքսփրոմփթ»-ը, Նարէ Աղասարգիսեան (աւարտական դասարան)` Լիսցի «Նոքթիւրն»-ը, Սագօ Հալլաճեան (աւարտական դասարան)` Կոմիտասի «Կռունկ»-ը (մշակում` Եուրի Գէորգեանի) եւ Հրակ Տեմիրճեան (աւարտական դասարան)` Քրէյսլըրի «Սիրոյ տառապանքները», դաշնակի ընկերակցութեամբ Բալիկ Լատոյեանի:
Շրջանաւարտ աշակերտներուն ելոյթներուն յաջորդեց երաժշտանոցի կիթառահարներու նուագախումբին ելոյթը` ղեկավարութեամբ Մկրտիչ Միքայէլեանի: Նուագախումբին ընկերակցեցան երաժշտանոցի խումբ մը ջութակահարներ` տհոլի ընկերակցութեամբ Գէորգ Քէօշկերեանի: Յաջորդաբար ներկայացուեցան «Էլ Քոնտոր Փասա», «Լա Կիթանիթա», «Փիացոլլա» եւ «Լէ տէօ Կիթառ» կտորները:
Ապա ելոյթ ունեցաւ երաժշտանոցի սենեկային նուագախումբը` ղեկավարութեամբ Կարօ Աւեսեանի, Քլարինեթի ընկերակցութեամբ Լոռի Եափուճեանի: Ներկայացուեցան Կոմիտասի «Հաբրբան», Ժոփլինի «Տը Ինթըրթէյնըր», Պրամզի «Տանս Հոնկրուա թիւ 5» եւ Թէոտորաքիսի «Զորպաս տենս» կտորները:
Ելոյթները արժանացան ներկաներուն բարձր գնահատանքին եւ բոլորն ալ ընդունուեցան բուռն ծափողջոյններով:
Ապա բեմ հրաւիրուեցաւ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան` իր սրտի խօսքը փոխանցելու:
Առաջնորդ սրբազանը ըսաւ, որ 30-ամեակը փոքր տարիք մըն է պետական գործունէութեան մը համար, սակայն սփիւռքեան պայմաններուն մէջ հայ մշակոյթի պահպանման գործով այս 30-ամեակը շատ աւելի եւ որակաւոր է, քան այլ պետական գործեր:
Խօսքը ուղղելով շրջանաւարտներուն` Գեղամ արք. Խաչերեան ըսաւ, որ այս վկայականը ունի երկակի արժէք: «Նախ, իբրեւ անհատ ձեր անձնական կեանքին համար դուք ձեռք ձգեցիք երաժշտական կրթութեան եւ ձեր երաժշտական ճաշակի բարձրացումը, որուն միջոցով դուք ձեր շրջապատին պիտի փոխանցէք երաժշտական մաքուր որակ եւ պիտի սորվեցնէք լաւը վատէն զանազանել:
Երկրորդ եւ աւելի կարեւորը այն է, որ դուք ձեր երաժշտական կրթութիւնը ստացաք հայկական հաստատութեան մը մէջ, որ երաժշտական կրթութեան կողքին նաեւ ձեզի տուաւ հայկականը, ազգային մեղեդիներով տոգորուեցան ձեր ականջները», ընդգծեց առաջնորդ սրբազանը:
Սրբազանը իր խօսքը աւարտելով նշեց, որ «այս 30-ամեակին մէջ առիւծի բաժին ունի հայ ժողովուրդի մանաւանդ այն խաւը, որ հաւատալով Համազգայինի առաքելութեան իր զաւակները վստահեցաւ երաժշտանոցին` ապահովելու համար շարունակութիւնը այն հերթականութեան, որ սկսաւ Կոմիտաս վարդապետով, որ ժառանգուեցաւ Բարսեղ Կանաչեանի կողմէ, որ հետագային դարձաւ մեր մշակոյթի հսկաներէն մէկը, եւ ջահը փոխանցելով ձեզի դուք պիտի շարունակէք այդ ժառանգութեան պահպանումն ու զարգացումը»:
Սրբազանի խօսքէն ետք տեղի ունեցաւ վկայականներու բաշխումը նախ 7-րդ դասարանը աւարտած աշակերտներուն.
Արին Լոզոյեան, Հանրի Իշխանեան, Պետրոս Ալեքսանեան, Քարլա Օհաննէսեան, Մարիա Քէօշկերեան, Նայիրի Այվազեան եւ Սարին Գրօղլեան:
Ապա երաժշտանոցի շրջանաւարտ աշակերտները ստացան իրենց վկայականները` առաջնորդ սրբազանին ձեռամբ:
Հանդիսութեան աւարտին 30-ամեակը խորհրդանշող կարկանդակ մը հատուեցաւ եւ տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն:
«Ազդակ»