Փաւլոտարի մարզի «Հայրենիք» հայկական մշակութային կեդրոնը նշեց կազմաւորման 20-ամեակը
Փաւլոտարի մարզի «Հայրենիք» հայկական մշակութային կեդրոնը 2015 թ. Ապրիլ 4-ին կը նշէր իր կազմաւորման 20-ամեակը: Հանդիսութեան կը մասնակցէին Ղազախստանի մէջ Հայաստանի դեսպանութեան 2-րդ քարտուղար Մհեր Պատալեան, «Նաիրի» միութեան կազմին մէջ ընդգրկուած հայկական մշակութային 7 կեդրոններու ղեկավարները, Ղազախստանի ժողովուրդի հաւաքոյթի, քաղաքի եւ մարզի տեղական ինքնակառավարման մարմիններու եւ ազգային փոքրամասնութիւններու համայնքային կառոյցներու ներկայացուցիչներ:
Հանդիսութիւնը սկսաւ Բարեկամութեան տան մէջ կազմակերպուած Կլոր սեղանով, որուն ժամանակ քննարկուեցան Ղազախստանի Հանրապետութեան մէջ հայկական ազգամշակութային միաւորումներու զարգացման հեռանկարները, ինչպէս նաեւ համայնքային կառոյցի գործունէութեան առնչուող հարցեր: Մասնաւորապէս նշուեցաւ, որ իր ողջ գործունէութեան ընթացքին «Հայրենիքը» ձգտած է օգտակար ըլլալ մեր հայրենակիցներուն` մէկ կողմէն` նպաստելով, որ անոնք դառնան Ղազախստանի օրինապաշտ քաղաքացի, միւս կողմէն` հաւատարիմ մնան սեփական արմատներուն, պահպանեն իրենց ազգային ինքնութիւնը, լեզուն եւ մշակոյթը:
Հանդիսութիւնը շարունակուեցաւ Փաւլոտարի «Դոստըկ» (Բարեկամութիւն) համերգային դահլիճին մէջ, ուր յոբելեանական երեկոյի ծիրէն ներս կազմակերպուած էր նաեւ զարդական կիրառական արուեստի նմուշներու եւ գրականութեան ցուցադրութիւն:
Համերգէն առաջ դրուատանքի խօսք ըսաւ Փաւլոտարի փոխմարզպետ Նուրժան Աշիմբետով: Ան նշեց, որ «Հայրենիք» հայկական մշակութային կեդրոնը եղած է Ղազախստանի ժողովուրդի հաւաքոյթի ձեւաւորման ակունքներուն մէջ եւ բազմաթիւ յաջող նախագիծերու կազմակերպիչն է: Հնչեցին բազմաթիւ շնորհաւորանքներ: ՀՀ դեսպանութեան 2-րդ քարտուղար Մհեր Պատալեան ընթերցեց Ղազախստանի մէջ ՀՀ դեսպան Արա Սահակեանի եւ ՀՀ սփիւռքի փոխնախարար Սերժ Սրապիոնեանի ողջերթի նամակները:
Բարեմաղթանքի խօսքեր ըսին նաեւ ՂՀ տարբեր մարզերէն ժամանած հայկական ազգամշակութային կեդրոններու նախագահները: Կատարուեցաւ նաեւ պարգեւներու յանձման արարողութիւն:
«Հայրենիք» հայկական մշակութային կեդրոնի նախագահ Էլմիրա Պետրոսեանին յանձնուեցան ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան եւ Փաւլոտարի Մարզպետի պատուոգիրները, «Մարզին մատուցած ծառայութիւններուն» համար նշանին արժանացաւ հայկական մշակութային կեդրոնի վարչութեան անդամ Գնել Յակոբեան:
Երեկոն աւարտեց տօնական համերգով: