Նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ընդունեց Ասատուր Կիւզելեանը
Ապրիլ 10-ին նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ընդունեց սփիւռքահայ հասարակական եւ մշակութային գործիչ Ասատուր Կիւզելեանը (Լոնտոն):
Զրոյցին ընթացքին քննարկուեցան Հայրենիք-Սփիւռք մշակութային կապերուն առնչուող հարցեր, կարեւոր համարուեցաւ մշակոյթի դերը սփիւռքահայութեան ազգային ինքնութեան պահպանման հարցին մէջ, միտքեր փոխանակուեցան Հայաստանի եւ Սփիւռքի մէջ Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի ոգեկոչման ձեռնարկներուն վերաբերեալ:
Ասատուր Կիւզելեան նախարարին ներկայացուց իր հեղինակած գիրքերը, որոնցմէ վերջինը սփիւռքահայ անուանի մտաւորականներ Սիմոն Սիմոնեանի եւ Վահրամ Մաւեանի հետ ունեցած նամակագրութիւնն է` «Կը խօսին նամակները» վերնագիրով: Ստուարածաւալ նամականին 1960-70-ական թուականներուն սփիւռքեան իրադարձութիւններու իւրայատուկ պատմութիւն է եւ կը պարունակէ բազում հետաքրքիր փաստեր ու լուսանկարներ:
Հանդիպման կը մասնակցէր նաեւ «Ակադեմիա» պատկերասրահի տնօրէն Գոռ Վարդանեան: