Ջաւախահայ գործիչ Վահագն Չախալեանի եղբայրը՝ Արմէն Չախալեան եւ 30 ուրիշներ ձերբակալուած են
Նինոծմինդայի ոստիկանութիւնը՝ յատուկ ջոկատներու միջամտութեամբ, Յունիս 28-ին ձերբակալած է ջաւախահայ հանրային գործիչ Վահագն Չախալեանի եղբայրը՝ Արմէն Չախալեանը:
Արմէն Չախալեան կը մեղադրուի իր ձերբակալութենէն քանի մը ժամ առաջ Նինոծմինդայի մէջ տեղի ունեցած անկարգութիւնները կազմակերպած ըլլալու ամբաստանութեամբ:
Նշենք, որ Յունիս 28-ին, «Զօրի Զօրեան» երիտասարդական միութեան նախաձեռնութեամբ եւ Ախալցխայի հայկական երիտասարդական կրթամշակութային կեդրոնի մասնակցութեամբ տեղի ունեցած է արշաւ՝ նուիրուած 1918-ին՝ Ախալցխայի ինքնապաշտպանութեան: Արշաւի պատասխանատուները յայտարարած են, որ եթէ ինքնապաշտպանութիւնը տեղի չունենար, ամենայն հաւանականութեամբ, Ախալցխայի մէջ եւս տեղի կ՚ունենային հայ բնակչութեան կոտորածներ եւ շրջանը կը միացուէր Թուրքիոյ:
Սակայն, ինչ կը վերաբերի իրադարձութիւններու իսկական բնոյթին, կան պաշտօնականէն բաւական տարբեր վկայութիւններ: Այսպէս, օրինակ, «Բազմազգ Վրաստան» հանրային կազմակերպութեան նախագահ Առնոլդ Ստեփանեանի համաձայն՝ անկարգութիւններ չեն եղած, պարզապէս կռիւ ծագած է հայ երիտասարդներու միջեւ: Ըստ իր վկայութեան՝ Արմէն Չախալեան, որ որոշ հեղինակութեան տէր երիտասարդ է, կռիւի վայր կանչուած է հանդարտեցնելու համար կիրքերը եւ այդ պահուն է, որ ոստիկանութեան յատուկ ջոկատները միջամտած են եւ Ա. Չախալեան ալ, բոլորովին ակամայ՝ յայտնուած է ձերբակալուածներուն մէջ:
«Նոր Յառաջ»