ԱԳՆ-ի Մէջ Ընդունելութիւն Նուիրուած ԵՄ Կողմէ Դիւանագիտական Դպրոցի Աջակցութեան Ծրագիրի Մեկնարկին
Յուլիս 1-ին ԱԳՆ մէջ տեղի ունեցած է ընդունելութիւն` նուիրուած դիւանագիտական դպրոցին ԵՄ կողմէ աջակցութեանծրագիրի նոր փուլի
մեկնարկին:
մեկնարկին:
Ձեռնարկին կը մասնակցէին ԱԺ պատգամաւորներ, Դիւանագիտական դպրոցի գործընկեր ԲՈՒՀ-երու ղեկավարներ,Հայաստանի մէջ հաւատարմագրուած դեսպաններ, միջազգային կազմակերպութիւններու, Դիւանագիտական դպրոցիտարբեր տարիներու շրջանաւարտներ:
Իր ողջոյնի խօսքին մէջ կարեւոր համարելով Դիւանագիտական դպրոցի գործունէութիւնը որակեալ դիւանագիտականկազմի պատրաստման գործին` նախարար Նալպանտեան նշած է, որ բացումէն ընդամէնը երեք տարի անց ՀայաստանիԴիւանագիտական դպրոցը վերածուած է լաւ համբաւ ունեցող ուսումնական հաստատութեան, որ կ’աջարկէ բարձրորակմասնագիտական կրթութիւն անոնց որոնք կը ձգտին համալրել ՀՀ դիւանագիտական ծառայութիւնը, ինչպէս նաեւվերապատրաստման ծրագիրներ` իրենց ընթացքի կայացման ճանապարհին գտնուող դիւանագէտներուն եւ պետական այլհաստատութիւններու արտաքին կապերու վարչութիւններու աշխատակիցներուն:
«Այս ընթացքում Դիւանագիտական դպրոցը տուել է շուրջ ութ տասնեակ շրջանաւարտ, որոնցից 41-ը ներկայումսաշխատում են Արտաքին գործերի նախարարութիւնում: Այս նոր ծրագրի մեկնարկը վառ հաստատումն է այն բանի, որ մերմիջազգային գործընկերները դրական են գնահատում Դիւանագիտական դպրոցի նուաճումները». – ըսած է Արտաքին Գործոց նախարարը:
Նախարար Նալպանտեան շնորհակալութիւն յայտնած է Եւրոպական Միութեան, բոլոր գործընկերկազմակերպութիւններուն ու երկիրներուն, որոնք նպաստած են Դիւանագիտական դպրոցի զարգացման, կայացման,ինչպէս նաեւ այն բոլոր բարձրաստիճան պաշտօնեաներուն, մասնագէտներուն եւ հրաւիրեալ դասախօսներուն, որոնքիրենց ներդրումը ունեցած են կրթական գործընթացքին վերջին մի քանի տարիներու ընթացքին:
Հայաստանի մէջ ԵՄ պատուիրակութեան ղեկավար Տրայըն Հրիստեան իր խօսքին մէջ, անդրադարձած էԴիւանագիտական դպրոցի անցած ճանապարհին` ընդգծելով, որ այն իր գործունէութեան կարճ ժամանակահատուածինբաւականին շօշափելի արդիւնքներու հասած է, եւ ԵՄ կողմէ ֆինանսաւորուող նոր ծրագիրը այդ անցած ուղիիգնահատականն է:
2013թ. մայիսին մեկնարկած Եւրոպական միութեան կողմէ ֆինանսաւորուող նոր ծրագիրը պիտի աջակցի ԱԳՆԴիւանագիտական դպրոցի վարչական եւ էական կարողութիւններու ամրապնդման: Ծրագիրը կը ներառէ նաեւտեղեկատուական եւ արտադասարանային շարք մը լրացուցիչ ձեռնարկներ, ուսումնական այցեր Պրիւքսէլի եւ Վիեննայի մէջ տեղակայուած եւրոպական եւ միջազգային կազմակերպութիւններ: Այս մասին «Հայերն այսօր»-ին կը յայտնեն ՀՀ ԱԳՆմամլոյ ծառայութենէն: