Թուրքիոյ հայկական դպրոցներուն շնորհուած են մրցանակներ

Թուրքիոյ մէջ «Մասնաւոր դպրոցներու միութիւն» կազմակերպութեան ամենամեայ մրցանակաբաշխութեան արարողութեան այս տարի մասնացկած են հայկական դպրոցներ եւ ստացած մրցանակ:

Մարտ 26-ին  Սթամպուլի մէջ իրականացուած մրցանակաբաշխութեան հայկական դպրոցներէն ներկայացուած էին` Եսայեան դպրոցի տնօրէն Սաթենիկ Նիշան, Քալֆայեան դպրոցի խորհուրդի ներկայացուցիչ Արման Ութուճույեան, Թարգմանչաց դպրոցի խորհուրդի ներկայացուցիչ  Հայկ Ասլանեան, Դադեան դպրոցի խորհուրդի ներկայացուցիչ  Արսէն Արշըք,  Ֆերիքեոյի Մերամեթչիյեան դպրոցի խորհուրդի ներկայացուցիչ Աւետիս Հաճինեան եւ Պեզիճեան դպրոցի խորհուրդի ներկայացուցիչ Սեւան Կուրուն:

«Ակօս» շաբաթաթերթի տեղեկացմամբ` մրցանակներ  ստացած են Ունճույեան, Քարակէոզեան, Փանկալթ Մխիթարեան,  Սահակեան Նունեան դպրոցները, Եէշիլքոյի հայկական դպրոցը: Մրցանակները յանձնած է կազմակերպութեան համանախագահ Եուսուֆ Թաւուկչուօղլուն:  Մրցանակաբաշխութեան ցուցակին մէջ ընդգրկուած եղած է 92 դպրոց, որոնցմէ ամենահինը հայկական Օրթաքոյի Թարգմանչաց դպրոցն է, որ հիմնուած  է 230 տարի առաջ:

Scroll Up