Հակառակորդի կրակոցէն զինուորական ծառայող զոհուած է
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2015/01/zinvor11.jpg)
Ապրիլ 7-ին` ժամը 17:15-ի սահմաններուն, ՊԲ արեւելեան ուղղութեամբ տեղակայուած զօրամասերէն մէկուն պահպանութեան տեղամասի մարտական յենակէտին վրայ՝ հակառակորդին կողմէ արձակուած գնդակէն զոհուած է զինուորական ծառայող, 1995թ. ծնունդ Լեւոն Մուշեղ Միրզոյեանը: Այս մասին կը հաղորդէ ԼՂՀ ՊՆ մամուլի ծառայութիւնը։
Դէպքի մանրամասները պարզելու համար կը կատարուի քննութիւն:
ԼՂՀ պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը կիսէ կորստեան ծանր վիշտը եւ իր զօրակացութիւնը կը յայտնէ զոհուած զինուորական ծառայողի ընտանիքի անդամներուն, հարազատներուն եւ ծառայակիցներուն: