Փաթրիկ Ֆիորին «France 2» հեռուստաալիքով պատմած է Ցեղասպանութիւնը վերապրած իր ընտանիքի պատմութիւնը

Ֆրանսահայ երգիչ Փաթրիկ Ֆիորին «France 2» հեռուստատեսութեան եթերով խօսած է իր մանկութեան յիշողութիւններուն եւ Հայոց ցեղասպանութեան մասին: «Փարիզի աստուածամօր տաճար» յայտնի երաժշտական ֆեպուսի դերով համաշխարհային ճանաչում ստացած Փաթրիկ Ֆիորիի իրական ազգանունը Շուշանեան է:

Ան ֆրանսական հեռուստաալիքի եթերով պատմած էր իր հայկական արմատներուն մասին:

«Ես ալ Ցեղասպանութիւնը վերապրած եմ: Հօրմէս երկար ժամանակ պահանջեց, մինչեւ ան պատմեց մեզի ատոր մասին, քանի որ չէր ուզեր ցաւ պատճառել մեզի: Այդ ժամանակ ես 13-14 տարեկան էի: Ատկէ առաջ մեր տան մէջ այդ թեման արգիլուած էր: Սակայն,  օր մը ես պահանջեցի բացատրել եղելութիւնը: Ան ըսաւ ինծի, որ  գիւղի մը մէջ  ընտանիք մը կար, որուն մասին մոռցած էին  հայերու կոտորողները: Այդ տան բոլոր անդամները կ’աղօթէին` սպասելով, որ իրենց տունն ալ պիտի մտնեն: Սակայն իրենց մասին մոռցած էին, եւ ատիկա Շուշանեաններու ընտանիքն էր»: Ֆրանսական Non-Stop People պարբերականի փոխանցմամբ` ըսած է Փաթրիկ Ֆիորին:

Երգիչ, երգահան Փաթրիկ Ֆիորին ծնած է 1969թ. Մարսէլ: Հայրը` Ժագ Շուշանեան, մայրը` քորսիքուհի Մարիա-Անտուանէթ Ֆիորին: 12 տարեկան հասակին խաղցած է երաժշտական ներկայացման մէջ: 17 տարեկանին թողարկած է «Ստեֆանի» single-ը: 1993թ. «Եւրոտեսիլ» երգի միջազգային մրցոյթին ներկայացուցած է ֆրանսան, ուր «Մամա Քորսիքա» երգով գրաւած է 4-րդ տեղը: 1994թ. թողարկած է առաջին ալպոմը: 1997թ. երգած է «Փարիզի աստուածամօր տաճար» երաժշտական ներկայացման մէջ, որ 1999թ. ընտրուած է իբրեւ «տարուան լաւագոյն միւզիքլ», իսկ «Belle» երգը դարձած է «տարուան երգ»: Համագործակցած է շատ նշանաւոր երաժիշտներու հետ: Հիւրախաղերով քանի մը անգամ եկած է Երեւան:

Scroll Up