«Արեւմտահայերէն Ուիքիփետիա»-ի Համագումարը Սկսաւ Աղուերանի Մէջ

Ուրբաթ, 4 ապրիլ 2015-ին Հայաստանի Կոտայքի մարզի Աղուերան շրջանին մէջ պաշտօնական բացումը կատարուեցաւ «Արեւմտահայերէն Ուիքիփետիա»-ի համագումարին,  որուն իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն Լիբանանէն հասած ուսուցիչներ եւ մամուլի ներկայացուցիչներ: «Ազդակ»-ի կողմէ կը մասնակցի Սիլվի Աբէլեան:

Բացման նիստին ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ «Հայերէն ուիքիփետիա» գիտակրթական հասարակական կազմակերպութեան նախագահ  Սուսաննա Մկրտչեան: Ան ողջունելէ ետք մասնակիցները նշեց, որ միացեալ գործակցութեամբ կարելի պիտի ըլլայ համախմբել Հայաստանի եւ սփիւռքի կառոյցներու եւ անհատներու ներուժը: Ան անդրադարձաւ եւ շեշտեց «Արեւմտահայերէն Ուիքիփետիա» ծրագիրի կարեւորութիւնը, որովհետեւ ըստ կարգ մը տուեալներու արեւմտահայերէնը յայտնուած է մեռնող լեզուներու շարքին, իսկ «Ուիքիփետիա»-ն այն հարթակն է, որ կարելիութիւն ունի լեզուն պահպանելու եւ զայն փրկելու կորուստէ:

Սուսաննա Մկրտչեան յայտնեց նաեւ, որ այս դասընթացքը առիթ պիտի տայ պատրաստելու «Արեւմտահայերէն Ուիքիփետիա»-ի  համակարգողներ, որոնք իրենց կարգին պիտի շարունակեն աշխատանքը Լիբանանի մէջ:

Նիստին ներկայ եղան նաեւ «Արեւելահայերէն Ուիքփետիայի»  խմբագիրները, որոնք ներկայացուցին իրենց աշխատանքային փորձառութիւնը այս ծիրին մէջ:

Համագումարին ընթացքին մասնակիցները առիթ պիտի ունենան փորձառու «Ուիքի խմբագիրներէն եւ մասնագէտներէն» ծանօթանալու աշխատանքի սկզբունքներուն, սորվելու աշխատելաձեւը եւ հմտանալու «Ոիքի»-իի աշխատանքի արհեստավարժութեան:

Նշենք, որ «Արեւմտահայերէն Ուիքիփետիա» ծրագիրը սկսած է 2014-ին, «Գ. Կիւլպենկեան» հիմնադրամի հովանաւորութեամբ եւ նպատակ ունի «Արեւմտահայերէն Ուիքիփետիան» զարգացնել եւ օժտել որակաւոր յօդուածներով: Այս աշխատանքը յառաջ տանելու համար պիտի կազմակերպուին Լիբանանի եւ Հայաստանի մէջ ճամբարներ, որոնց պիտի մասնակցին նաեւ Լիբանանէն աշակերտներ եւ համակարգողներ:

 Այս մասին յայտնած է Ազդակ:

Scroll Up