Երեւանի մէջ բացուած է ՀԲԸՄ կեդրոնատեղիի շէնքը
Մարտ 4-ին Երեւանի մէջ կայացած է Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) կեդրոնատեղիի նորակառոյց շէնքի բացման արարողութիւնը, որուն մասնակցած է նաեւ ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեանը:
Շէնքի կառուցումը սկսած էր 2010-ին: Անիկա կը գտնուի Մելիք Ադամեան փողոցին մէջ, ՀՀ կառավարութեան շէնքի մօտ:
«ՀԲԸՄ նորակառոյց շէնքը ունի մօտ 1300 մ/ք տարածք, որուն վրայ բարձրացած է հինգ յարկանի ժամանակակից շէնք` գրասենեակային բոլոր յարմարութիւններով, նիստերու դահլիճներով, ցուցասրահներով ու ստորգետնեայ կառատունով: Պատասխանատուներու հաւաստումով, ժամանակակից շինարարական լուծումներու կիրառման ու հին ճարտարապետութեան պատմամշակութային առանձնայատկութիւններու անխաթար պահպանման զուգորդմամբ վերականգնուած է նախկինում այնտեղ եղած շէնքի յօրինուածքը: Նախագծային ու շինարարական աշխատանքներու ընթացքին յատուկ ուշադրութիւն դարձուած է քաղաքաշինական այնպիսի պահանջներու բաւարարման, որով պահպանուած են Երեւանի հին կեդրոնի միջավայրին յատուկ տարրերը:
«Միութեան ղեկավարութեան համոզումով, Երեւանի կեդրոնը բացուած ՀԲԸՄ շէնքը հնարաւորութիւն պիտի ընդլայնել միութեան կրթական, մշակութային եւ երիտասարդական տարաբնոյթ ծրագիրները` դառնալով հայրենիք-սփիւռք կապերու ամրապնդման նոր օճախ»,- ըսուած է ՀՀ նախագահի մամուլի ծառայութեան տարածած հաղորդագրութեան մէջ:
Մարտ 27-էն Ապրիլ 6 Հայաստանի մէջ տեղի ունեցաւ Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) 88-րդ ընդհանուր ժողովը, որուն ծիրէն ներս կազմակերպուած է քննարկումներ` «ՀԲԸՄ զրոյցներ» խորագիրով: