ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ընդունեց գանատահայ դատաւոր Արիս Պապիկեանը
Ապրիլ 3-ին ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ընդունեց հանրաճանաչ իրաւաբան, Գանատայի ներգաղթի եւ քաղաքացիութեան հարցերով դատաւոր Արիս Պապիկեանը:
Ողջունելով հիւրը` նախարարը ըսաւ. «Մենք հպարտ ենք, որ Գանատայում Ձեզ նման հայրենակից ունենք: Հասկանում ենք, թէ ինչ դժուար է օտար երկրում հասնել նման դիրքի եւ երախտապարտ ենք, որ Դուք Ձեր ամբողջ կեանքը, ուժն ու եռանդը նուիրել էք հայութեանը, հայապահպանութեանը եւ Ձեր մասնագիտական գործունէութեամբ նպաստում էք Հայաստանի հեղինակութեան բարձրացմանն արտերկրում»:
Շնորհակալութիւն յայտնելով ջերմ ընդունելութեան եւ գնահատանքի համար, Արիս Պապիկեան նախարարին ներկայացուց վերջին շրջանին Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման եւ դատապարտման ուղղութեամբ գանատահայ համայնքի եւ Գանատայի իշխանութիւններու քայլերը, պատմեց իրենց նոր նախաձեռնութիւններուն մասին, շեշտելով, որ ուշադրութեան կեդրոնին են յատկապէս երիտասարդ սերունդի հետ տարուող նպատակային ծրագիրները:
Երկուստեք գոհունակութեամբ նշուեցաւ հայ ժողովուրդի եւ Հայաստանի հանդէպ Գանատայի կառավարութեան ունեցած ջերմ, բարեկամական վերաբերմունքին մասին եւ ընդգծուեցաւ , որ անհրաժեշտ է աշխատանքներ տանիլ նաեւ տնտեսական, կրթական, զբօսաշրջութեան եւ այլ ոլորտներու մէջ հայ-գանատական համագործակցութիւնը զարգացնելու ուղղութեամբ:
Հանդիպման աւարտին նախարար Հրանոյշ Յակոբեան Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան մատուցած նշանակալի աւանդի, ինչպէս նաեւ Գանատայի կառավարութեան կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման եւ դատապարտման գործին մէջ ունեցած մեծ ներդրման համար Արիս Պապիկեանին պարգեւատրեց ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան բարձրագոյն պարգեւով` ոսկէ մետալով: