Եգիպտական «Սապահ ON» հեռուստաընկերութիւնը թողարկում մը յատկացուցած է Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին

“Հայերն Այսօր”-ի տեղեկացմամբ Եգիպտական «Սապահ ON» հեռուստաընկերութիւնը յատկացուցած է յատուկ թողարկում մը նուիրուած Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին:

Եգիպտոսի Ալեքսանտրիոյ մէջ հայ կաթողիկէ թեմի պատրիարք` Գրիգոր Օգոստինիոս Քուսա  «Սապահ ON» հեռուսալընկերութեան  տուած հարցազրոյցին ըսած է, որ այս տարի Հայոց ցեղսպանութեան 100-րդ տարելիցն է, այդ առիթով «Կը յիշեմ եւ կը պահանջեմ» կարգախօսով կոչ կ’ուղղուի հաշուետւութեան եւ պատժելիութեան անհրաժեշտութեան համար:  Այս օրերուն յաջորդաբար  կը կրկնուին կոտորածները Սուրիոյ, Իրաքի  եւ Լիպիոյ մէջ, անգամ կոտորածները հասան   Թունիսի Բարտօ թանգարանէն ներս: Այնուամենայնիւ հայերը կը յիշեն, որ օսմանցիները 100 տարի առաջ սպաննեցին իրենց, եւ շուտով` Ապրիլ 24-ին կը նշուի ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցը:

Scroll Up